Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսօր Ֆրուն, Սրիֆա Եւ Զաութար Ղարպիէ Գիւղերուն Մէջ Սկսան Փորձնական  Շրջաններու Գործադրութեան Գործողութիւնները»

Ուաշինկթըն. «Այսօր Ֆրուն, Սրիֆա Եւ Զաութար Ղարպիէ Գիւղերուն Մէջ Սկսան Փորձնական Շրջաններու Գործադրութեան Գործողութիւնները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Այսօր, եռակողմ շրջագիծի եւ Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խումբի հովանաւորութեան տակ, հարաւային Լիբանանի Ֆրուն, Սրիֆա եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղերուն մէջ սկսան փորձնական շրջաններու գործադրութեան գործողութիւնները»: «Այս ձեռքբերումը ուղղակի արդիւնք է այն քննարկումներուն, որոնք անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ տեղի ունեցան Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ: Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն կողմերուն հետ սերտօրէն աշխատիլ գործադրելու շրջագիծը` մինչեւ...

Պըն Սալման Իշխանը Նախագահ  Աունը Սէուտական Արաբիա Հրաւիրեց

Պըն Սալման Իշխանը Նախագահ Աունը Սէուտական Արաբիա Հրաւիրեց

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ իշխանին միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային մակարդակներու վրայ վերջին զարգացումները: Իշխանը վերահաստատած է, մասնաւորաբար ներկայ պահուն Լիբանանին եւ նախագահ Աունի երկրի գերիշխանութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան համար որդեգրած ընտրանքներուն Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Նախագահ Աուն Ուաշինկթըն Մեկնելէ Առաջ Ինծի Հեռաձայնեց. Եւ Ես Անոր Ընդգծեցի Զինադադարի Պահպանման Եւ Իսրայէլի Լիակատար Հեռացման Ապահովման Անհրաժեշտութիւնը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Աֆտալ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կը մաղթէ, որ «հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը Լիբանանի ազատագրման եւ մեր կառչած անոր իրաւունքներու ձեռքբերման յանգի»` նշելով, որ զինք հետաքրքրողը իրողապէս իսկական լուծումի հասնիլն է եւ ոչ թէ այդ լուծումի աղբիւրը: Պըրրի ըսաւ, որ նախագահ Աուն Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ իրեն հեռաձայնած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Նախագահ Աունը Թրամփին պիտի ներկայացնէ ճամբու քարտէսի նմանող փաստաթուղթ մը` փորձելով ձեւաւորել յաջորդ փուլին համար իրատեսական մօտեցում մը, հաշուի առնելով այն իրականութիւնը, որ բացի յարձակումներէն չի յուշեր, թէ Իսրայէլ պարտաւոր է ետ քաշուիլ կամ նոյնիսկ շարունակել «բնորդային տարածքներ»-ու ծրագիրը»: . ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը իրեն հետ Սպիտակ տուն կը տանի ամբողջական փաստաթուղթ մը,...

Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ

Նախագահ Աուն Ուաշիկթըն Կ՛այցելէ

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր երեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Անցեալ շաբաթ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Աուն ըսած է, որ Թրամփէն պիտի խնդրէ «Իսրայէլի վրայ անհրաժեշտ ճնշումը բանեցնել»` գործադրելու համար...

Ուահապ. «Շարհը Լիբանան  Մուտք Պիտի Գործէ»

Ուահապ. «Շարհը Լիբանան Մուտք Պիտի Գործէ»

Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Լիբանան մուտք պիտի գործէ, սակայն կան շրջանցումը արգիլուած կարմիր գիծեր, որոնց շարքին է տիւրզիական եւ քրիստոնէական շրջաններ մուտք գործելը: «Լիբանան մուտք գործելու Շարհի պայմանը լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը, լիբանանեան բանակին դէմ չդնելու դիրքորոշումը եւ Դամասկոսը պաշտպանելու համար օդային աջակցութիւնն է», ըսաւ ան` նշելով. «Շարհը Լիբանան մտցնելու նպատակը...

Ռայի Պատրիարք. «Մեր Ընտրանքը  Խաղաղութիւնն Է, Եւ Լիբանան Պէտք Է  Ճշմարտութեան Ուղին Ընտրէ,  Եւ Ոչ Թէ Պատրանքներու»

Ռայի Պատրիարք. «Մեր Ընտրանքը Խաղաղութիւնն Է, Եւ Լիբանան Պէտք Է Ճշմարտութեան Ուղին Ընտրէ, Եւ Ոչ Թէ Պատրանքներու»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ Ս. Շարպելի տօնին առիթով իր մատուցած պատարագի քարոզին մէջ յայտնեց. «Մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն է, եւ Լիբանան պէտք է ճշմարտութեան ուղին ընտրէ, եւ ոչ թէ` պատրանքներու»: Ան անհրաժեշտ նկատեց աջակցիլ պետութեան հեղինակութիւնը եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերականգնող իւրաքանչիւր քայլի` շեշտելով, որ ամէն համաձայնութիւն, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կը պահպանէ եւ անոր իրաւունքները կը պաշտպանէ,...

Շէյխ Ֆատլալլա. «Կը Յուսայինք,  Որ Պետութիւնը Առկախէ Բանակցութիւնները»

Շէյխ Ֆատլալլա. «Կը Յուսայինք, Որ Պետութիւնը Առկախէ Բանակցութիւնները»

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա, մեկնաբանելով խորհրդարանին մէջ նիստերու ընթացքին քննարկումներու մթնոլորտը, իր ափսոսանքը արտայայտեց ժողովուրդի որոշ ներկայացուցիչներու վարքագիծին համար` հաշուի առնելով, որ կոպիտ խօսքերու եւ լարուած հռետորաբանութեան օգտագործումը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ իւրաքանչիւր խումբի ժողովրդային զանգուածին վրայ: «Մենք յոյս ունէինք, որ այս նիստերը ուղիղ չէին սփռուեր` փողոցի վրայ անոնց ձգած հետեւանքներուն եւ ազդեցութեան պատճառով», ըսաւ ան: Սէյիտ Ֆատլալլա բանակցութիւններու վերաբերեալ իր կարծիքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ հեղինակութիւն մը «Ասաս»-ին. «Թրամփ Լիբանանին կը վերաբերի իբրեւ շրջանի աւելի լայն տեսլականի մէկ մաս, մինչդեռ Նեթանիահու ունի իր սեփական ծրագիրը, որ այժմ կապուած է ընտրական ներքին հաշիւներու: Ահա թէ ինչու Թրամփ անկէ խնդրեց Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հեռանալ»: . ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի շրջանակները «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը սովորական պիտի չըլլայ եւ Սպիտակ տան մէջ յիշատակի լուսանկարով պիտի չսահմանափակուի,...

Վատեֆուլ Կ՛առաջարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Փոխարինման  Համար Եւրոպական Ուժ Մը Լիազօրել

Վատեֆուլ Կ՛առաջարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Փոխարինման Համար Եւրոպական Ուժ Մը Լիազօրել

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ առաջարկեց` ապահովական բացի ստեղծումը կանխարգիլելու համար, լիազօրել Եւրոպական Միութենէն ուժ մը, որպէսզի Լիբանանի մէջ փոխարինէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը, որուն լիազօրութիւնը կ՛աւարտի մօտ օրէն: Ան այս մասին յայտնեց «ՌետաքցիոնզՆեթվերք Տէօչլանտ»-ին: «Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է քննարկենք, եթէ կրնան ապահովել, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք եւրոպական լիազօրութեան մը ճամբով ապահովական բաց մը չի ստեղծուիր», յայտնեց...

Փաթրիք Պեքարեան Հողին Յանձնուեցաւ

Փաթրիք Պեքարեան Հողին Յանձնուեցաւ

Զահլէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Փաթրիք Անդրանիկ Պեքարեանին, որուն հետ կապը կորսուած էր 19 ապրիլ 2026-ին, երբ Հարաւային Լիբանանի Ժտայտեթ Մարժաայուն գիւղ կ՛այցելէր: Իսրայէլեան բանակը 15 յուլիսին անոր դիակը յանձնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին: Փաթրիք Պեքարեան անդամ էր նախագահական պալատի պահակագունդին: Յայտնենք, որ Փաթրիք Պեքարեանի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն:    

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ.  «Նոք Նոք Պէյրութի Մարմնակրթական  Փառատօն»-ի Մեկնարկ

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ. «Նոք Նոք Պէյրութի Մարմնակրթական Փառատօն»-ի Մեկնարկ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ընթացք առաւ Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ոլորտի կենսունակութիւնը մարմնաւորող իրադարձութեան մը` «Նոք Նոք Պէյրութի մարմնակրթական փառատօն»-ի մեկնարկը, որ կ՛արտացոլէ մարմնակրթութեան աջակցութեան եւ զարգացման մէջ պետական ու սեփական մարզերու գործընկերութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ կ՛ողջունէ շինիչ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն մարմնակրթութեան մակարդակի բարձրացման, եւ իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ տարբեր կողմերու եւ մարմնակրթական հաստատութիւններու...

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Սիւննի Երեսփոխաններ Համաներման Օրէնքը Կը Նկատեն Իրենց Առաջնահերթութիւնը

Ազգային համաձայնութիւն եւ Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքներն ու երեսփոխաններ Ապտելռահման Պըզրին, Աշրաֆ Ռիֆին ու Քարիմ Քապպարան իրենց ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ ու զարմանք յայտնեցին Համաներման օրէնքի առաջարկի չորդեգրման նկատմամբ` հակառակ «խորքային բարեփոխումներու կատարման, որոնք օրէնքի արդարութիւնը կ՛երաշխաւորեն եւ կալանաւորուած իսլամականներուն ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները կը պահպանեն»: «Այս հարցին հետ վարուեցանք ազգային պատասխանատուութեամբ` հեռու քաղաքական կեցուածքէն ու ամփոխավարութենէն, եւ...

Ժահժահ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական  Միջամտութեան Դէմ Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի,  Եւ Կ՛ուզեմ Դամասկոս Այցելել»

Ժահժահ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական Միջամտութեան Դէմ Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի, Եւ Կ՛ուզեմ Դամասկոս Այցելել»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Աւելի քան քսան տարի առաջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ անոր գերիշխանութիւնը ամրապնդելու մեր ուղղած կոչը ի զուր չեղաւ, այլ մեծ արդիւնքներ իրագործեց»: «Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութեան մասին խօսած միակ անձը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, իսկ Սուրիան, Լիբանանը կամ շրջանը, սկսելով Թուրքիայէն, հասնելով մինչեւ Սէուտական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Կը քննարկուի Հարաւային Լիբանանի մէջ իտալական ուժեր տեղակայելու առաջարկ մը»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ վերջին բանակցութիւնները յաջողեցան աստիճանական դաշտային դասաւորումներու գործադրութեան փուլի մեկնարկման նախնական եւ առանցքային շրջագիծ մը հաստատել»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահին Ուաշինկթըն այցելութիւնը արարողակարգի համաձայն սովորական եւ Սպիտակ տան մէջ լուսանկարի համար...

Քաց Հեկսեթին.  «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի  Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Քաց Հեկսեթին. «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Քացին ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը աւելցուց, որ Քաց Հեկսեթին ներկայացուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները: Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններուն...

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամին Կը Փորձէ  Խլել Այն Զէնքը, Որ Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

Հուսի. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Թշնամիին Ենթակայութեան Ուղիով Կ՛ընթանայ»

Եմէնի Անսարուլլա շարժումի ղեկավար Ապտելմալեք Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլի յարձակումին արդիւնաւէտ դիմակայելու գործին մէջ Հըզպալլայի հիմնարար, մեծ եւ կարեւոր դերը պատիւ է ազգին համար եւ հպարտութեան աղբիւր իսլամութեան եւ բոլոր իսլամներուն համար»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի մեծ դիրքորոշումը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ արաբական վարչակարգերուն, մասնաւորաբար սէուտական վարչակարգին կողմէ թիկունքէն հարուածի կ՛ենթարկուի»: «Լիբանանեան ճակատին աջակցելու հարցին մէջ Իրանի մեծ եւ պատուաւոր դիրքորոշումը պէտք է բարձր...

Փոփոխութեան Եւ Ընդդիմութեան  Երեսփոխանները Միացեալ Կոչ Մը Հրապարակեցին

Խորհրդարանը Շարունակեց Իր Օրէնսդրական Նիստը

Խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստի երկրորդ օրը երէկ շարունակեց իր օրակարգին վրայ գտնուող օրինագիծերու քննարկումն ու վաւերացումը: Խորհրդարանը որդեգրեց իր օրակարգի 19-րդ կէտը, որ թիւ 1233 հրամանագիրին մէջ նշուած նախագիծ մըն է, որուն նպատակը բարեփոխելն է 16-09-1983 թուականի թիւ 83/102 օրէնսդրական հրամանագիրը` ազգային պաշտպանութեան օրէնքը: Այսպիսով, զինուորական վարժարանին մէջ ուսման տարիները 3-էն բարձրացուեցան 4 տարուան եւ դարձուեցան համարժէք, որպէսզի սպաները կարենան...

Թրամփ. «Շարհ Պիտի Ստանձնէ Հըզպալլայի Հետ  Գործ Ունենալը, Եւ Այդ Մէկը Իսրայէլէն  Տարբեր Ձեւով Պիտի Կատարէ»

Թրամփ. «Շարհ Պիտի Ստանձնէ Հըզպալլայի Հետ Գործ Ունենալը, Եւ Այդ Մէկը Իսրայէլէն Տարբեր Ձեւով Պիտի Կատարէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ պիտի ստանձնէ Հըզպալլայի հետ գործ ունենալը, այդ մէկը Իսրայէլէն տարբեր ձեւով պիտի կատարէ, եւ շէնքեր պիտի չքանդէ: Թրամփ նշեց. «Շարհ Հըզպալլայի նկատմամբ իր գործունէութեան մէջ իսրայէլացիներէն աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլայ, եւ ես գիտեմ, թէ ան չ՛ուզեր ատիկա ընել»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ լաւ պիտի...

Ֆատլալլա. «Աունի Նախագահ Ընտրուիլը  Հիմնուած Էր Դիմադրութեան Իրաւունքը Պաշտպանելու  Պատուոյ Յանձնառութեան Վրայ»

Ֆատլալլա. «Աունի Նախագահ Ընտրուիլը Հիմնուած Էր Դիմադրութեան Իրաւունքը Պաշտպանելու Պատուոյ Յանձնառութեան Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանէն յայտարարեց. «Ամբողջ անցեալ շրջանին մենք մեզի պարտադրեցինք հանրապետութեան նախագահին հետ չվիճիլ, սակայն մեր ժողովուրդին ուղղուած անոր իրերայաջորդ ամբաստանութիւններէն եւ փոխանակ սահմանադրութեան մէջ նշուածին նման հայրենիքի միասնականութեան խորհրդանիշ եղող նախագահ ըլլալուն, լիբանանցիներուն միջեւ պառակտումը յաւերժացնող կողմ դառնալու վրայ պնդելուն, եւ Պաապտայի պալատը իրենց պատմութեամբ եւ ուղղուածութեան ծանօթ կողմերու կուսակցական հարթակի վերածելուն լոյսին տակ,...

Page 22 of 985 1 … 21 22 23 … 985

Արխիւներ