
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ 8-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը, որուն ընթացքին Ամշիթ երկու կէտի տարբերութեամբ` 96-94 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսի:
Շանվիլ 101-89 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Զահլէէն, ուր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Անիպալը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 36 կէտ:
Մանարայի մէջ, Ռիատի Պէյրութ 91-77 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի, իսկ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ Թրիփոլի` Պաժժէի (105-56):


