Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերը Կ՛օժանդակեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան

December 24, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2005-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակի նախօրեակին, նշանաւոր թուրք մեկնաբան Մեհմեթ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ գրեց յօդուած մը` կոչ ուղղելով թուրք հանրութեան պատրաստ ըլլալու յառաջիկայ «հայկական ծովաշարժ»-ին:

Այս ամսուան սկիզբը  թրքական «Կազեթ Կարս»  թերթը հրապարակեց  նոյնանման խմբագրական մը` «Հայկական նախապատրաստութիւնները` 2015 թուականին» խորագիրով, նախազգուշացնելով թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան մօտալուտ հարիւրամեակէն` 2015-ին, եւ խորհուրդ տալով անոնց` դիմելու հակազդեցութեան արդիւնաւէտ միջոցներու:

Խմբագրականը ցոյց կու տայ, թէ թուրքերը որքա՛ն մօտէն կը հետեւին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հայկական նախապատրաստական աշխատանքներուն, եւ որքա՛ն անձկութեամբ կը  կշռադատեն հայկական  յառաջիկայ ձեռնարկներուն ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ:

Ծաւալուն սիւնակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանն ու սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին կ’ընդլայնեն իրենց միացեալ արշաւը` ընդդէմ Թուրքիոյ: Յօդուածը կը նախազգուշացնէ, որ` «հայերը իրենց սուտերով ամբողջ աշխարհը ոտքի պիտի հանեն» եւ կ’առաջարկէ, որ` «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անյապաղ գործի լծէ իր բոլոր միջոցները եւ կանխարգիլման քայլերու ձեռնարկէ այդ խաբէութիւնը ի չիք դարձնելու համար»:

«Կազեթ Կարս» թերթը կը դժգոհի, որ հայերը` «կը նսեմացնեն Թուրքիոյ հեղինակութիւնը` ուժեղ յարձակումներ գործելով 40 ճակատներու վրայ: Այդ յարձակումներուն հակահարուած տալու համար Թուրքիա պէտք է դիմէ աւելի մեծ պաշտպանողական եւ յարձակողական միջոցներու: Ոչ մէկ վայրկեան  պէտք է կորսնցնել: Աշխարհը կուլ  կու տայ անոնց սուտերը»:

Խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ գլխաւոր անձնաւորութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը: Թերթը յատկապէս կը յիշատակէ փրոֆ. Թաներ Աքչամը, բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները, Պերլինի համալսարանը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը` մէջբերելով անոր ըսածը. «Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է միաւորել փոխհատուցման ըմբռնումով® Մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք օրինական ուղիներու` այս ոճրագործութեան պատասխանատուութիւնը ճշդելու համար»:

«Կազեթ Կարս» թերթը նաեւ կը թուարկէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Հայկական ազգային ուսումնարանը, ինչպէս նաեւ «Զօրեան» եւ «Կոմիտաս» հիմնարկները` իբրեւ կազմակերպութիւններ, որոնք յաջողած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու աշխարհի գիտական շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան: Նշանաւոր թուրք արձակագիրներ Օրհան Փամուքը եւ Էլիֆ Շաֆաքը, որոնք համարձակօրէն դատապարտած էին Թուրքիոյ խեղաթիւրումները Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ, կը մեղադրուին սփիւռքի հայկական լոպիստական կազմակերպութիւններուն աջակցութիւնը վայելելու մէջ:

Թրքական թերթը կը տեղեկացնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծրագիրը նախապատրաստելու համար 23 ապրիլ 2011-ին Երեւանի մէջ ձեւաւորուած է պետական համակարգող յանձնաժողով, զոր կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, եւ որ իր անդրանիկ նիստը գումարած է 30 մայիս 2011-ին:

Այնուհետեւ, թուրք խմբագիրը կը կեդրոնանայ յօդուածիս վրայ` սխալելով եւ զիս ներկայացնելով իբրեւ Արա Սասունեան` «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ: Յօդուածէս կը մէջբերէ այն հատուածը, ուր կը նշուի, որ` «Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը այլեւս օգտաւէտ չէ հայերուն համար: Ընդհակառակը, վնասակար է: Թուրքերը շատ ուրախ են, որ մենք կը բաւարարուինք միայն այս պահանջով: Մենք պէտք է արդարութիւն պահանջենք: Երբ անոր հարց տրուած է, թէ արդարութիւն ըսելով ի՛նչ նկատի ունի, ան բացատրած է, որ ատիկա կը նշանակէ բարոյական, նիւթական եւ տարածքային վերականգնում»:

Ապա թուրք գրողը մանրամասնօրէն  կը վերլուծէ տեսակէտներս` նշելով.  «Սասունեան կը հաւատայ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնները այնքան ալ կատարեալ չեն, եւ որ անհրաժեշտ է գաղափարական միասնականութիւն ունենալ, յատկապէս` Հայ դատին առնչուող հարցերու մէջ: Սասունեան նաեւ կը հաւատայ, որ աւելի լուրջ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ 100 երկրի մէջ ապրող հայերը համախմբելով 350 ներկայացուցիչներէ բաղկացած սփիւռքի խորհրդարանի հովանիին տակ»:

«Կազեթ Կարս» թերթը իր խմբագրականը կ’եզրափակէ` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով նախատեսուած շարք մը  հայկական ձեռնարկներ.

1.- Պատրաստել հրատարակութիւններ եօթը լեզուներով` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:

2.- Նկարահանել գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժապատկերներ, կազմակերպել համերգներ եւ ցուցահանդէսներ, հրատարակել գիրքեր եւ գիտական նիւթեր:

3.- Եռակի չափով ընդարձակել Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը:

4.- Ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով:

5.- Կազմակերպել լրատուամիջոցներու համաժողովներ, կապեր հաստատել 89 երկիրներու լրատուական գործակալութիւններու հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայաստան հրաւիրել սփիւռքի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու լրագրողները:

6.- Ժամանակակից արհեստագիտութիւնները օգտագործելով` տարբեր լեզուներով ելեկտրոնային գիրքեր հրապարակել եւ կապեր հաստատել ցեղասպանութեան հետազօտութեամբ զբաղող գիտական եւ մշակութային գործիչներու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

7.- Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր նկարահանել` յայտնի հնդիկ բեմադրիչ Շեխար Քափուրի եւ փորթորիքոցի բեմագիր Խոսէ Ռիվերայի մասնակցութեամբ:

Այնքան ատեն որ թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներու տարափ կ’ակնկալեն, ուստի հայերը իրենց  առաւելագոյնը պէտք է ընեն` զանոնք յուսախաբ չընելու համար:

«Կազեթ Կարս» թերթի խմբագիրները չեն գիտակցիր, որ հայերը իրականութեան մէջ կ’ողջունեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն հակահարուած տալու թուրքերուն մտադրութիւնը: Այդպիսով, թրքական կողմը կը նպաստէ Հայ դատի քարոզչութեան` շատ աւելի, քան ինչ որ հայերը կրնան ընել ինքնուրոյն միջոցներով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Կենցաղային Ճգնաժամը Սուրիոյ Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ – Շանվիլ` 89-101

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.