Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՁԱԳԱՆԳ. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀՈԳԵՐԸ. – 19 ՄԱՅԻՍԻՆ ԿՐԿԻՆ ԲՈՂՈՔԵԼՈՒ «ԽՈՍՏՈՒՄ»ՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՔ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

May 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1860-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ ծլարձակուած ու 1 մայիս 1886-ին պաշտօնապէս օրական 8 ժամ աշխատանքի պահանջով ճամբայ ելած աշխատաւորական շարժումը այսօր շատ բան թօթափած է իր ակունքներու խորհուրդէն:

Փաստօրէն, Մարքսի եւ Էնկելզի ընկերային արդարութեան գաղափարախօսութեամբ տոգորուած միջազգային այս շարժումը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Լիբանանի մէջ:

Սակայն ինչպէս իւրաքանչիւր առիթ, աշխատաւորական պահանջի ա՛յս օրը եւս հետզհետէ մարտահրաւէր դարձած է Լիբանանի վարիչներուն համար` զայն նկատելով ներքին անդորրութեան ու խաղաղութեան բազկերակը շօշափող ընկերային առիթ մը:

Այս մտավախութիւնը իր արմատները ունի լիբանանեան արդի պատմութեան մէջ: Արդարեւ, յունուար 1975-ին Սայտայի մէջ Մաարուֆ Սաատի գլխաւորած ընկերային պահանջատիրական շարժումը «յանգեցաւ» իր իսկ սպանութեան` սերմերը ցանելով նորանոր հրահրումներու, որոնք բռնկեցան 13 ապրիլ 1975-ին Պէյրութի Այն Ռըմմանէ թաղամասին մէջ ու ձիւնագնդակի նման «գլորելով» տարածուեցան Լիբանանի մէջ:

Արդ, 1 մայիս 2011-ը լիբանանցիներուն համար նոր փորձաքար մը կը թուէր: Ամէնուրեք սրտատրոփ կը հետեւէին «շարժում»ներու զարգացումներուն, որոնք տեղ մը «համայնքային վարչակարգի տապալում»ի կոչով, այլ տեղ` այլոց հողաշերտերուն վրայ կառուցելու իւրացումը արդարացնելու փորձերով ու զանազան պիտակներով հանդէս եկան «ցնցելու» նաեւ լիբանանեան հրապարակը:

Սակայն, անկախ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն, անհերքելի իրողութիւն է, որ լիբանանցի ժողովուրդը եւս, իր զանազան խաւերով` մանուկներով, երիտասարդներով թէ ծերերով, ունին իրենց ընկերային արդար ու անյետաձգելի պահանջները:

Երբեմնի ընկերային-ընկերվար գաղափարախօսական բովանդակութենէն զուրկ, բողոքի եղած դրօշները հիմնականին մէջ փողոց իջած էին պահանջելու նոյնինքն լիբանանեան վարչակարգի որդեգրած օրէնքներու կիրարկումը:

Փաստօրէն, 26 սեպտեմբեր 1996-ին լոյս տեսած որոշումով լիբանանեան պետութիւնը օրին կ՛որդեգրէր աշխատաւորական այն օրէնքը, ըստ որուն լիբանանցի աշխատաւորին ամսաթոշակը պէտք է բաւարարէր ընտանիքի մը ապրուստի տարրական պէտքերու ծախսերը եւ ըլլար ոչ նուազ քան նուազագոյն ամսաթոշակը:

Սակայն մերօրեայ արժեչափերով ի՞նչ խօսք ապրուստի տարրական պէտքերուն մասին, երբ լիբանանցի աշխատաւորը «կծկուած» է վառելանիւթի օրը օրին մագլցում արձանագրող սակերու ճնշումին տակ:

Տակաւին չենք խօսիր շրջանային քաղաքական ու ապահովական դէպքերու զարգացումով Լիբանանի հատուցելիք տնտեսական «տուրք»ին մասին` այն զրոյցներու լոյսին տակ, թէ արաբական երկիրներէն ներածումները կրնան կանգ առնել այդ վայրերու ծանօթ կացութեան պատճառով: Աւելի՛ն, կարգ մը վաճառականներու արդէն իսկ կիրարկած չարաշահումներուն պատճառով ապրուստի կարգ մը տարրական պէտքեր զգալի մագլցում կ՛արձանագրեն իրենց սակագիներուն վրայ: Այս բոլորը կու գան աւելնալու նոյնինքն ելեւմուտքի նախարարի յայտարարած տարեսկիզբի քանի մը ամիսներուն եղած 28 առ հարիւրի սղաճին վրայ ու անոր յաջորդած` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշած 10 առ հարիւրի սղաճին վրայ` վերջին ամիսներուն գծով: Նմանապէս եւ ՄԱԿ-ի մէկ միաւորին` «ԵՈՒ. ԷՆ. ՏԻ. ՓԻ.»ի տեղեկագիրին համաձայն, լիբանանցիներու 40 առ հարիւր համեմատութիւնը կը գտնուի ծայրայեղ աղքատութեան գիծին վրայ, իսկ 10 առ հարիւրը միայն կարող է բարեկեցիկ տուն ապահովելու:

Այս բոլորին լոյսին տակ ժամանակն է, որ պատկան կողմերը անդրադառնան կացութեան լրջութեան եւ հեռու իրենց քաղաքական պատկանելիութենէն, մտածեն գէթ անգամի մը համար իբրեւ բոլո՛ր լիբանանցիներուն համար գործող իրա՛ւ ղեկավարութիւններ եւ ականջ տան ու դարմանեն լիբանանցիներու ընկերային ցաւերն ու պահանջները.-

Աշխատավարձերու յաւելում 40-էն 60 առ հարիւրի միջեւ:

Սղաճի զսպումին ձգտող գործնական միջոցառումներու որդեգրում:

Սրընթաց մագլցող տուրքերու վերելքին յարմար լուծում մը:

Այս եւ նմանօրինակ այլ պահանջներ կրնան աւելի վտանգաւոր ու լայնածաւալ բնոյթով դրսեւորուիլ, եթէ պատկան կողմեր շարունակեն անտարբեր մնալ:

19 մայիսը հաշուեյարդարի նոր օր մը պիտի ըլլայ այս իմաստով…

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՄԱՅԻՍ 1961 )

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։