Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան 122-Ամեակ. Պանթէոնին Դիմաց (Ե.)

December 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շատ անգամ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ դաշնակցական իրականութեան համար կա՞յ աւելի առինքնող ուժ, պատկանելիութեան զգացողութիւն առթող, հպարտութիւն ջամբող, ինքնաճանաչումի մղող, հաշուետուութեան կանչող, ինքնասրբագրումի առաջնորդող, գաղափարական ներաշխարհ սնուցող, նկարագիր կերտող, շունչ հայթայթող,    հոգիներ աշտարակող, այլապէս իրերայաջորդ սերունդներ գօտեպնդող, քան այն ոգեղէն կառոյցն ու հողաթումբ շինուածքը, որ կոչուած է ըլլալու դաշնակցականի պանթէոն:

Այո՛, ՀՅԴ պանթէո՜ն, որուն աշխարհագրական վայրը կրնայ ոեւէ գաղութի գտնուած աշխարհագրական տարածք ըլլալ, սակայն հիմնականը դաշնակցական գործով, նուիրումով, զոհողութեամբ եւ գաղափարապաշտութեամբ աքուցուած տիպարն է:

Այլ խօսքով, հայրենի սրբազան լեռներու հասողութեամբ թէ հեռաւոր Կովկասի, արեւմտեան կողմն աշխարհի թէ Միջին արեւելեան տափաստաններուն վրայ, ուր որ դաշնակցականի երկունք ու տառապանք է հաստատուեր, հոն, նուիրեալներու արեամբ շաղախուած պանթէոն է կառուցուեր` իբրեւ յիշատակի ու յարգանքի արտայայտութիւն:

Հաւանաբար ըսուի նաեւ, որ, քաջազուն ֆետայիներու եւ նուիրեալ գործիչներու անյայտ գերեզմաններն ու անշիրիմ մնացած հերոսներու աճիւնները միթէ պանթէոններ չե՞ն, ուրկէ դէպի երկինք կը ճառագայթեն անոնց ոգեղինացած խորհուրդին մեծութիւնը:

Այսինքն, Վանի, Սասունի, Մուշի, Կարսի թէ Վասպուրական աշխարհի լեռներուն վրայ նահատակուած Իշխանի, Դժոխքի, Գալէի, Չաւուշի, Մակարի ու բազում խնկելի հերոսներու յայտնի ու անյայտ սուրբ շիրիմները մաս չե՞ն կազմեր ՀՅԴ պանթէոնին, որուն դիմաց խոնարհելու է ազգը համակ:

Իրաւամբ ըսուած է, թէ ինչ կ՛արժեն ազգեր, երբ անոնց հոգիին խորը թէ հայրենիքի հողին վրայ չկան նահատակներու պանթէոններ:

Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ յարգել չի գիտեր իր նահատակներուն յիշատակն ու անոնց մեծասքանչ արարքները:

Անմխիթար, անհաստատ, տարակուսող կեանքի հակամէտ է այն հաւաքականութիւնը, կուսակցութիւնն ու միութիւնը, որ ծնունդ չէ տուած  անձնազոհներու թէ հրաշակերտ սերունդներու:

Անցնինք:

Յայտնապէս, հայրենիքէն տեղահանուած եւ օտարութեան գիրկը ապաստանած հայորդիներու եւ դաշնակցական սերունդներ` անոնք ըլլան երբեմնի պետական անձնաւորութիւններ, ազգային ու  կուսակցական գործիչներ թէ Հայ դատի նուիրեալ զաւակներ, որոնք իրենց վերջին հանգիստը գտած են օտարաբոյր հողերու ծածկին տակ, ոգեղինացած պատգամի մը երազանքով փչած են իրենց վերջին շունչը, այն յոյսով ու հաւատքով, որ հետագայ սերունդներ արժանին պիտի մատուցեն բոլոր անոնց հանդէպ, որոնց կեանքի ճանապարհը ազգի ծառայութիւնն է եղած առհասարակ:

Այսօր աւելի քան երբեք, դաշնակցական սերունդներ պարտաւոր են բոլորուիլ ՀՅԴ պանթէոնի խորհուրդին շուրջ, եւ ամէն պատեհ առիթի խոնարհիլ հոնկէ ճառագայթող մեծութեան առջեւ:

ՀՅԴ պանթէո՜ն:

Սոսկ որոշակի արտայայտչականութիւն ունեցող բառ, եզր, իմաստ մը չէ անիկա, յաւուր պատշաճի արարողակարգի հանդիսավայր չէ՛ ու չի՛ կրնար ըլլալ երբեք, պարզապէս որովհետեւ այդ հրաշափառ քարակերտ կառոյցին շաղախը դաշնակցական սերունդներու արեամբ, քրտինքին, զոհողութիւններուն, նուիրումին, գիտակցութեան եւ գաղափարականի մեծութեամբ ամրապնդուած է ու դարձած ներշնչումի աղբիւր եւ բոլոր ժամանակներու ուխտավայր:

Միթէ մենք մեզի հարց տուա՞ծ ենք, թէ ինչո՞ւ մեր յուսահատութեան պահերուն, հոգելլկուած վիճակներուն եւ տեղատուութիւններուն ատեն առանց վարանումի եւ շատ անգամ ամօթխած դիմած ենք անոր, այցելած ու մեր գլուխները խոնարհած նման ոգեկան բարձրութիւն ունեցող պատուանդանի մը առջեւ` կրկին անգամ լիցքաւորուելու, հայանալու եւ զօրանալու:

Ինչպիսի՞ ուԺականութիւն է ամբարած այս հողաշէն կառոյցը, շիրիմն ու ուխտավայրը, որ իր քար լռութեամբ եւ դէպի աստուածութիւններ խոյացող գաղափարական հզօրութեամբ ատրուշան է դարձած` հոգեզինելու եւ ինքնագիտակցութեան հրաւիրելու դալուկ ու նեղմիտ մահկանացուներն ու հաւաքականութիւններ համակ, որոնք պէս¬պէս կացութիւններու յանձնուած արատաւորած են երդման խորհուրդն անգամ:

Նկատա՞ծ ենք բնաւ, որ երբ նորահաս սերունդներ իրենց դաշնակցականի երդումն են տուած պանթէոնի մը շուրջ, թէ այլապէս մեծութեան մը շիրիմին առջեւ, անոնց սրտերն ու հոգիները իւրայատուկ խայծ են ապրած եւ պահիկ մը հոգեկանութեամբ շաղախուած`  անոնց առթած գաղափարական ուժին ու հզօր կամքին ընդառաջ:

Արդ, եթէ երբեք հայրենիքէն հեռու ապրելու պարտադրանքին տակ ենք եղած ու շարունակած դաշնակցականօրէն ապրիլ ու ստեղծագործել, ապա այդ մղումին եւ գիտակցութեան խորհուրդը բացառապէս ՀՅԴ պանթէոնի գաղափարական լուռ, սակայն ուժգին ազդեցութիւնն է հանդիսացած` հաւատարիմ մնալու նախնեաց ժառանգին ու պատգամին:

Այսօր, վերանկախ հայրենիքի մը հովանիի տակ, դաշնակցական իրականութեան համար չկայ աւելի հպարտառիթ միջավայր ու ներուժ հայթայթող պատուանդան, քան ՀՅԴ պանթէոնի առթած հմայքն ու  զօրութիւնը` իբրեւ քաղաքական, գաղափարական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու բազում բնագաւառներու մէջ աշխատանքային ուղղութիւն տուող կռուան եւ առաջադրանքներու իրագործման խթան:

Պարզապէս այն հասկացողութեամբ, որ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ազատագրումը, ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը վրէժխնդրութիւնը, Ջաւախքի ու Նախիջեւանի վերահայացումն ու արծուեբոյն Արցախի պաշտպանութիւնը առանձնապէս խարսխուած են նահատակներու ոգեկան բարձրութեան մէջ:

Արդ, մեր հաւատարմութիւնը վկայակոչենք այդ սրբազան դաւանանքին` ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց:

 

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քարայրաբնակ Մարդիկը Կը Գերազանցեն Արդի Ժամանակներու Արուեստագէտները

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մարտահրաւէր Մը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.