Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Հետ Հանդիպման Ընթացքին «ՀՅԴ-ի Առաջարկներէն Երկուքը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Համար Անընդունելի Են» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

December 11, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ անցեալ շաբաթ օր ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն ունեցած հանդիպումին:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ-ն իր 7 կէտնոց օրակարգը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած էր շաբաթ օր: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր քննարկումները շարունակելու մասին, բայց յստակ օր չէր ճշդուած:

«Ինչպէս տեղեակ էք, մենք նախագահական ընտրութիւններուն հարցով միասնական օրակարգ մէջտեղ բերելու նախաձեռնութիւն ունեցած ենք եւ փորձած ենք այս միասնական օրակարգին շուրջ ստեղծել համընդհանուր համախոհութիւն: Այս ծրագիրը ո՛չ որեւէ մէկուն դէմ եղած է, ո՛չ ալ յանուն ոեւէ անձի եղած է: Յանուն ծրագիր եղած է այն, ինչ որ մենք փորձած ենք ընել: Մենք մինչեւ հիմա չենք խօսած, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը ինչին համաձայն գտնուած է: Բայց բնական է, որ գործող նախագահը շատ աւելի հիմնականօրէն որոշ բաներ մերժեց, չընդունեց», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուց, որ հերթական հանդիպումներու շարք մը ունեցած են քաղաքական ուժերուն հետ եւ վերջին հանդիպումը եղած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Aravot.am-ի խնդրանքով անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի չընդունած կէտերուն` Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց, որ նախագահ Սարգսեան նշած է, թէ խորհրդարանական համակարգը չի պայմանաւորեր երկրին լաւ ու վատ ըլլալը, իսկ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց հարցով նկատած է, որ իր քայլը ճիշդ եղած է: «Բնականաբար, մենք հակառակ կարծիք ունէինք, միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ եւ այս հակառակութիւնն ալ նոր երեւոյթ չէ: Մենք շատ անգամներ հանդիպած ենք, շատ անգամներ խօսած ենք, մանաւանդ` հայ-թրքական յարաբերութիւններու, արձանագրութիւններու հարցով: Ատիկա միշտ ալ եղած է մեր խօսակցութեան նիւթը եւ նոր յայտնագործութիւն այդ հանդիպման ժամանակ չէ եղած», նշեց Մարգարեան:

Նշենք, որ շարք մը այլ հարցերու կողքին, ՀՅԴ-ն իր 7 կէտնոց օրակարգին վրայ կ՛առաջարկէր խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցում եւ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութեան յետս կոչում:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեց անգամ մը եւս յստակացնել, որ ՀՅԴ-ն իր նախաձեռնութեամբ մէկ նպատակ կը հետապնդէ` նախագահական ընտրութիւնները ոչ թէ անձերու պայքարի վերածել, այլ` ծրագիրներու:

Հրանդ Մարգարեան նաեւ յայտնեց, որ առաջին օրէն իսկ ՀՅԴ-ն խօսած է Հանրապետական կուսակցութեան հետ յարաբերութեան մասին եւ ըսած է, որ պիտի խորհրդակցի բոլորին հետ` անկախ որեւէ նախապաշարումէ:

Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը խորհրդակցած է Հայ ազգային քոնկրեսին հետ եւ Հանրապետական կուսակցութեան հետ ալ պատրաստ է խորհրդակցելու: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը չի փորձեր թշնամիի յարաբերութիւն ճշդել: Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը խօսի իր հարցերուն մասին իր թշնամիներուն հետ եւ խօսելու մէջ վտանգ չկայ: Ան աւելցուց, որ միւս ուժերուն հարցն է, եթէ պատճառ ունին Դաշնակցութեան չհաւատալու: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ շատ պատճառներ կան Դաշնակցութեան հաւատալու, բայց միւս ուժերուն հաւատալու` քիչ պատճառներ:

Ան յայտարարեց, որ իրենք չեն խուսափիր զրոյցը շարունակելէ, որովհետեւ կը հաւատան, որ խօսակցութիւնը կրնայ ընդհանուր համաձայնութեան յանգեցնել: Հրանդ Մարգարեան նաեւ ընդգծեց, որ եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը ընդունի ՀՅԴ-ի 7 կէտերը, շնորհակալ պիտի ըլլան, եթէ ոչ` գոնէ չեն ունենար այն մտահոգութիւնը, թէ ինչո՛ւ չբացատրեցին ՀՅԴ-ի առաջադրած օրակարգը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ կուսակցութեան մէջ երկու կարծիքներ կան` ունենալ սեփական թեկնածու կամ համախմբուիլ միասնական թեկնածուի մը շուրջ: Չի բացառուիր, սակայն, որ Դաշնակցութիւնը առհասարակ չմասնակցի նախագահական ընտրութիւններուն: Ան յայտնեց, որ վերջնական որոշում պիտի տրուի դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Դաշնակցութեան արտակարգ Գերագոյն ժողովին ընթացքին:

Ան անգամ մը եւս վստահեցուց, որ կարեւորը իրենց առաջարկած 7 կէտերը իրականութիւն դարձնելն է, եւ երբ այս գաղափարը առաջ կը մղեն, թող տպաւորութիւն չստեղծուի, որ Դաշնակցութիւնը թեկնածու չունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ որքանո՞վ իրատեսական կը նկատէ, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան կրնայ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն դառնալ, Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ Ծառուկեան կրնայ թեկնածու դառնալ, բայց չի կրնար ըսել, եթէ միասնական թեկնածու կրնայ դառնալ:

 

Նախորդը

Սահակեան. «Մեր Ժողովուրդը Անգամ Մը Եւս Ապացուցեց, Որ Իր Ընտրած Ուղին Անսասան Է Ու Ճիշդ, Ընթացքը` Անկասելի Ու Հաստատուն»

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մեկնեցաւ Մոսկուա

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.