Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մասնակցող հինգ ակումբներ` Սաժես, Շանվիլ, Անիպալ, Անդրանիկ եւ Պաժժէ միասնաբար յատուկ ժողով մը գումարելով այս մարզը յուզող հարցին շուրջ հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Մենք ամբողջութեամբ կը վստահինք Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլայի` նկատի ունենալով, որ ան այս մարզին մէջ լաւ ճանչցուած անձ մըն է:
«Մենք համամիտ գտնուեցանք նախորդ ուրբաթ օր տեղի ունեցած նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն եւ անոր արդիւնքներուն:
«Կը մերժենք որեւէ տեսակի բանակցութիւն եւ նոր ընտրութիւններու կայացում, որովհետեւ անոնք տեղի ունեցան լիբանանեան ակումբներու մեծամասնութեան ներկայութեան:
«Եթէ պատահի, որ ֆետերասիոնին կողմէ կիրարկուի որեւէ տեսակի օրէնք, որ առիթ կրնայ տալ նոր ընտրութիւններու կայացման, պիտի քաշուինք ախոյեանութենէն»:
Նշենք, որ վերոնշեալ հինգ ակումբները կը փափաքին ախոյեանութիւնը շարունակել: Սակայն, մնացեալ հինգը` Ռիատի, Մութթահետ, Պիպլոս, Ամշիթ եւ Հուփս, պոյքոթի ենթարկած են ախոյեանութիւնը:
Ա. դասակարգի տասը խումբերէն երկուքը միայն` Հուփս եւ Պաժժէ, ներկայացուցիչ չունին նոր ֆետերասիոնին մէջ:
Այս իրողութենէն մեկնելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին որոշեց ախոյեանութիւնը շաբաթով մը` 25 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր սառեցնել, փորձելով լուծում մը գտնել յառաջացած այս տագնապին, որովհետեւ անոր այս ընթացքով շարունակուիլը պիտի վնասէ Լիբանանի պասքեթպոլի մարզական շահերուն:


