Երկուշաբթի, 26 նոյեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, «Թռչնոց բոյն» այցելեց Լիբանանի Առաջին տիկինը` Ուաֆա Սլէյման` ընկերակցութեամբ Հայաստանի Առաջին տիկնոջ Ռիթա Սարգսեանի: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան, Գայեանեայց միաբանութեան անդամներուն, պաշտօնէութեան եւ աշակերտութեան կողմէ:
Հիւրերը դիմաւորուեցան ծաղկեփունջերով, ապա երգուեցան լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները աշակերտութեան կողմէ, յետոյ անցան գրասենեակ, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը` Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան, ներկայացուց «Թռչնոց բոյն»-ի պատմութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը: Հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան իր կարգին փոխանցեց յիշատակի նուէրներ առաջին տիկիններուն, որոնք հիւրասիրութենէն ետք շրջեցան հաստատութեան զանազան բաժինները` կանգ առնելով հաստատութեան հիմնադիր Մարիա Եագոպսընի գերեզմանատան առջեւ, ուր աղօթելէ ետք զետեղեցին ծաղկեպսակներ, ապա ուղղուեցան հաստատութեան Ս. Գայեանէ եկեղեցի եւ վառեցին մոմեր:
Այցելութեան զուգահեռ առաջին տիկինները եւս հաստատութեան յանձնեցին նուէրներ:
Հիւրերը ուրախութեամբ եւ գնահատանքով արտայայտուեցան «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան եւ անոր ծառայութեան մասին:


