Երէկ, Շենգաւիթ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրանտ Սփորթ» մարզաառողջարարական եւ մարզաուսումնական համալիրին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Այս համալիրը, որ «Կրանտ Հոլտինկ» ձեռնարկութիւններու խումբին մաս կը կազմէ, ունի ընդամէնը 7000 քառակուսի մեթր տարածութիւն: Անոր 3200 քառակուսի մեթրը շինութիւն է: Նոյնքան տարածութիւն ունի նաեւ բակը, ուր կան վոլիպոլի եւ թենիսի դաշտեր: Իսկ 600 քառակուսի մեթրը կանաչ տարածութիւն է:
Անիկա Շենգաւիթ եւ Էրեբունի շրջաններուն մէջ մարզաառողջարարական եւ մարզաուսումնական այժմու միակ մեծածաւալ համալիրն է, որուն կառուցման համար ծախսուած է 7 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Բոլոր մարզասրահներն ալ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող չափեր ունին: Այնտեղ պիտի աշխատին միջազգային որակաւորում ունեցող մասնագէտներ:
Պասքեթպոլի միջազգային ախոյեանութեան` ՖԻՊԱ-ին չափանիշներուն համապատասխանող մարզաձեւի սրահին կառուցումը տեղի ունեցած է մասնագէտներու ցուցմունքներով: Դաշտը պիտի գործածուի նաեւ վոլիպոլի եւ մինի-ֆութպոլի մրցումներուն համար:
Նշենք, որ ընդհանուր առմամբ 12 մարզաձեւի համար մարզասրահներ կը գտնուին:





