Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾԻԼԵՐ

April 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 10 ապրիլ 2011-ին, գարնանային զուարթ հայկական առաւօտ մը կը սկսէր ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ, ուր կը փութային ծնողներ, հարազատներ եւ յարգարժան հիւրեր` ներկայ գտնուելու «Արուեստի ծիլեր» բազմաբնոյթ ձեռնարկին:

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական յանձնախումբին, այս ձեռնարկը կ՛ընդգրկէր հայկական աւանդութիւններ, գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, գիտական ու արուեստի գործերու ցուցադրութիւն եւ հայկական տոհմիկ ճաշերու հիւրասիրութիւն:

ժամը 10:30-ին վարժարանիս սրահին մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան, հանդիսութիւնը սկսաւ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք տնօրէնուհի Մարալ Պալեօզեան ողջունեց հանդիսատեսները ու փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Մ. Պալեօզեան «Ծաղկման եւ վերածնունդի յուշատօն» կոչելով օրուան ձեռնարկը` ըսաւ. «Հայութիւնը ակամայ գաղթած ըլլալով իր պապենական հայրենիքէն` անձկանօք միշտ ջանացած է պահել ու պահպանել իր ազգային նկարագիրը, այսուհանդերձ, ցրուելով սփիւռքի տարածքին, որուն բոլորս վկայ ենք: Ջարդէն ճողոպրած եւ վերապրող հայ սերունդը միշտ երախտապարտ եղած է ՀԲԸ Միութեան` հայութեան վերակենդանացնող աշխատանքներուն` սկսելով որբահաւաքով հասնելով մինչեւ այսօրուան համատարած գործունէութիւնները»:

Հայութեան գոյատեւման շեշտը դնելով հիմնական երկու ազդակներու վրայ` հայ ընտանիք ու հայ դպրոց, Մ. Պալեօզեան ըսաւ. «Հայ ընտանիքի էական գիտակցութիւնը անոր ապագայակերտ առաջադրանքը եւ հետեւողական մասնակցութիւնը, լինելութեան հիմնական երաշխիքն է. այլապէս ո՛չ հայօրէն նոր սերունդ կը հասնի, ո՛չ ալ հայ դպրոցը կը գոյատեւէ ու կը պահուի, իսկ հայ դպրոցին ու ուսուցիչին դերը կը կայանայ հայոց տոհմիկ եւ մշակութային արժէքներու փոխանցմամբ, որ հրամայական անհրաժեշտութիւնն է իսկական հայեցի դաստիարակման»: Ապա աւելցուց. «Քաղաքական դժուարին պայմանները անտեսելով, ուսուցչական, կազմակերպչական եւ ծնողական հաւաքական աշխատանքի ճիգերով, Կարմիրեան վարժարանի ընտանիքը այսօր պիտի վերակենդանացնէ մեր հայրենակցական միութիւններուն կենցաղային պատկերը` նոր շունչ ու եռանդ տալով բոլորիս»: Եզրակացնելով` ըսաւ. «Մենք հաստատուելով Լիբանան` ընտելացանք եւ որդեգրեցինք լիբանանցիի սովորութիւններ` հարազատ մնալով մեր աւանդութիւններուն: Սոյն յայտագիրը ապացոյց է մեր ինքնութիւնը եւ սկզբունքային մղումները լաւապէս պահելու, որոնց կը շաղախուին նաեւ տեղական աւանդութիւնները»:

Վարագոյրը բացուեցաւ ու բեմին վրայ երեւցան մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք հրամցուցին «Այբուբեն» եւ «Մենք մանուկներ ենք արի» խմբերգները: Ա. Բ. Գ. դասարանները երգեցին «Զինուորի մօր երգը» եւ «Արմէնեան հողը», իսկ Դ. Ե. Զ. դասարանները ներկայացուցին «Զէյթունցիներու քայլերգը», «Ձայն մը հնչեց», «Գովք Եդեսիոյ» ու «Մուշ, քաղցր Մուշ» հայրենասիրական երգերը: Արդարեւ, մերթ շէն, մերթ յուզող եւ մերթ ալ աշխուժ երաժշտութեան առընթեր հայ երգը հնչեց քաղցր, անցաւ սիրտէ սիրտ ու գնահատուեցաւ ծափահարութիւններու տարափով:

Հայ ժողովուրդը ըլլալով աւանդապահ ժողովուրդ մը` դարերու ընթացքին ամուր կառչած է հայոց ազգային աւանդութիւններուն, որոնց մէջ կը հանդիպինք լեռներու, քարերու, ջուրի,  բոյսերու եւ անասուններու պաշտամունքի, քրիստոնէական ու հեթանոսական հաւատալիքներու: Այս աւանդութիւններէն ու հաւատալիքներէն օրինակ մը` «Հայոց լեռները» ներկայացուեցաւ կենդանի պատկերով, ուր խումբ մը տղաք մարմնաւորեցին հայոց լեռները, որոնք անցեալին հսկաներ եղած էին, բայց ժամանակի ընթացքին ծերանալով, կքելով եւ անշարժանալով` լեռներու վերածուեցան:

Երկու շնորհալի աշակերտուհիներ ապրումով երգեցին «Ատանայի կոտորածը», որուն յաջորդեց մանկապարտէզի փոքրիկներուն մասնակցութեամբ տարագրութեան սրտառուչ տեսարանը, ուր օգնութեան հասան ՀԲԸ Միութեան ներկայացուցիչները, որոնք դարմանեցին վէրքերն ու պատսպարեցին որբերը:

Վայելուչ զգեստներով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Ե. դասարանի աղջիկները «Կիլիկիա» նազպարով եւ Ծաղիկ դասարանի աղջիկները` «Հայաստանի քաղաքներից» ուրախ պարով, որ շէնցուց մթնոլորտը:

Հայոց ազգային աւանդութիւններէն ու հաւատալիքներէն այլ օրինակ մը` «Ներկարարները» պատկեր-ներկայացման մէջ խումբ մը երեխաներ յաջողութեամբ կատարեցին իրենց դերերը, մինչ հայկական սրինգէն հնչող «Հայր մեր»ի մեղեդին հրապուրեց ունկնդիրները: Ներկայացումներուն կ՛ընկերակցէր Մարալ Գրտոքեանին ձայնը, որ տեղին այս կամ այն հաւատալիքներու կամ նախապաշարումներու մասին տեղեկութիւններ կու տար:

Հերթաբար հանդէս եկան Ա. դասարանցիները «Մուշ», իսկ Բ. դասարանցիները «Պարերգ Մուսա Լերան» խանդավառ պարերով, որոնք գնահատանքի արժանացան:

Պուրսացի վաճառականին ճարպիկութիւնը ի յայտ եկաւ «Պուրսացին» ներկայացումով, որուն յաջորդեց Գ. դասարանի աշակերտներուն «Եարխուշտա» գեղեցիկ պարը, որ տպաւորիչ էր: Դ. դասարանի աշակերտները Կիլիկիոյ դրօշակները բարձր բռնած` համարձակ ու ինքնավստահ մեկնաբանեցին «Սասնայ խորոտիկ աղջիկ» պարը, որ մեծ ժողովրդականութիւն ունեցաւ:

Զէյթունցիներու բնաւորութեան յատուկ յամառութիւնը յայտնի դարձաւ «Զէյթունցիներ» վերջին պատկերով, որմէ ետք Զ. դասարանի տղաքը նախ թմբուկներով ելոյթ ունեցան, ապա աղջիկները Լիբանանի դրօշակներով շրջեցան բեմին վրայ եւ բացառիկ կատարողութեամբ հրամցուցին «Լպնան ռահ եըրժաա» արաբական պարը, որ սրահը թնդացուց:

Հուսկ, Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները համախմբուեցան ու միասնաբար հնչեցուցին «Հայեր, միացէք» խմբերգը, որուն ընթացքին Լիբանանի, Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Բարեգործականի դրօշակները միատեղ ծածանեցան ու ներկաներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ:

Հանդիսութեան աւարտին Սոնիա Տեյիրմենճեան վարժարանին տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանցին, Սանուց միութեան, նուիրատու հաստատութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան եւ հեզասահ ընթացքին: Ս. Տեյիրմենճեան յայտարարեց, թէ տնօրէնութեան որոշումով այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի վարժարանիս տարեգիրքին` «Այսօր»ի հրատարակութեան ծախսերուն:

Ապա Ծիլ դասարանէն երկու փոքրիկներ կատարեցին վիճակահանութիւնը, եւ շահող երկու բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

Սրահէն ելլելով` բոլոր հանդիսականները ուղղուեցան վարժարանին շրջափակը, ուր ճաշակեցին հայկական տոհմիկ, համեղ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, իսկ դպրոցի մուտքին անոնք վայելեցին մեր աշակերտներուն արուեստի ու գիտական աշխատանքները:

Բոլորը գոհ էին եւ արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու հիացումը այս եզակի ձեռնարկին իրագործման առիթով:

Կեցցէ՛ ՀԲԸ Միութիւնը եւ անոր հովանիին ներքեւ գործող Կարմիրեան վարժարանը, որ նորանոր յաջողութիւններով ու նուաճումներով ընթանայ դէպի փայլուն ապագայ:

Վարձքը կատար բոլորին:

ՍՈՆԻԱ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Նախորդը

ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՔԷՕԼՆԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։