Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խենթ Գիշերներու Թափառումներ» (Հեղինակ` Խաչիկ Տէտէեան)

October 26, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2012-ին Անթիլիասի մայրավանքի տպարանին մէջ լոյս տեսաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագրեալ քերթողագիրքը:

Հեղինակը ծնած է 1961-ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Կիլիկեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճը: Ապա հետեւած է պատմութեան ճիւղին` Հայկազեան համալսարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք 1984-ին, շարունակած է նոյն մասնագիտութիւնը Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, Քանատա:

Եղած է անդամ Հայց. եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազգային մշակութային միութեան թատերական միաւորին ու միջեկեղեցական շարժումին: Քանպերայի մէջ 1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ համաժողովին` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Դպրեվանքին մէջ դասաւանդած է ուսողութիւն եւ անգլերէն:

Ցարդ հրատարակած է հետեւեալ քերթողական երկերը. «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը» (2003), Անթիլիաս, «Դարասկիզբի մտորումներ» (2008), Անթիլիաս եւ «Խենթ գիշերներու թափառումներ» (2012), Անթիլիաս: Սոյն քերթողագիրքերը հեղինակային հրատարակութիւններ են:

Աշխատակցած է «Բագին», «Կամար» գրական պարբերաթերթերուն, «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն եւ «Նայիրի» երկշաբաթաթերթին:

Գրողներու Համահայկական Զ. համաժողովին ընտրուած է Գրողներու միութեան անդամ:

Կատարած է խմբագրական եւ թարգմանական գործեր: 1983-ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» երկը: 1986-ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի «Երկեր»-ը: 1988-ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, հրատարակած է «Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի» հատորը:

1998-էն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետի պաշտօնը:

Խաչիկ Տէտէեան ամուսնացած է Իրմա Գապաքեանի հետ. ունին երեք զաւակներ` Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա, որոնց նուիրած է հեղինակը իր ներկայ հատորը:

«Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագրեալ քերթողագիրքը կը բաղկանայ 164 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երեք բաժինները. «Տագնապ եւ խռովք», «Տուայտանք» եւ «Մոլորեցնող կածաններ»:

Հատորին սկիզբը հեղինակը մտահոգող հիմնական մտածումը հաշուետուութեան այն պահն է, երբ օրուան աւարտին հաշուեքննութեան կ՛ենթարկես դուն քեզ հարց տալով, թէ ի՞նչ կրցար շահիլ արդեօք իբրեւ իմացական մնայուն արժէք:

Տէտէեանի դառնութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, թէ աշխարհ ենթարկուեցաւ փոփոխութեան այն օրէն ի վեր, երբ մենք ընծայեցինք կարեւորութիւն մարդ էակի արտաքին երեւոյթին, քան` անոր ներքին էութեան: Կ՛ըսէ, թէ կեանքի ընթացքին դարձանք անդիմագիծ ամբոխ մը այն օրէն ասդին, երբ` «մենք զոհեցինք մեր անցեալը` գալիք անմխիթար ժամանակներուն…»:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ էապէս կը ճանչնայ ինքզինք: Այս առումով, ան գիտէ թէ երբեք հզօր կաղնի մը պիտի չկրնայ ըլլալ, այլ պիտի ըլլայ համեստ ուռենի մը, որ անյոյս բաղձանքով մը կը նայի շրջապատի հաստաբուն ծառերուն: Կ՛ըսէ նաեւ, թէ պիտի չունենայ կոթողանիստ տաճարի մը վայելչութիւնը, այլ պիտի վիճակուի իրեն տատասկներու մէջ ծուարած հեզ ու խոնարհ խաչքարի մը կերպարանքը:

Խաչիկ Տէտէեան կ՛ըսէ, թէ չի բնակիր ծովափնեայ բնակարանի մը մէջ, որպէսզի նկարէ կախարդանքը ծովային հոգեզմայլ տեսարաններու: Զրկուած ըլլալով նաեւ շոճիներու եւ կաղնիներու սօսափներէն` չի կրնար ըմբոշխնել դայլայլը սոխակներու: Այս տխուր իրավիճակը, կ՛ըսէ հեղինակը, արդիւնք է հնամաշ քաղաքի մը բնակիչն ըլլալուն,

«Ուր քարը, ծուխն ու փոշին ե՛ն տիրական,

Ուր տգեղութիւնը իրողութիւն է համատարած,

Ժխորն ու աղմուկը խլացնող, ամլացնող երեւոյթ, Ու ճչակները ինքնաշարժի` մնայուն հալածանք»:

Սակայն, հակառակ հնամենի քաղաքի մը բնակիչն ըլլալուն, հեղինակը կը բաղձայ ըմբոշխնել մտերմութիւնը հեռաւոր ոլորտներու…

Հեղինակը կ՛արտայայտէ յոռետես մտածումներ Լիբանանի ապագային առնչութեամբ, որուն մայրիները, ըստ իրեն, դատապարտուած են հրոյ ճարակ դառնալու վաղ թէ ուշ…

Տէտէեան յոռետես է նաեւ մարդ էակին նկատմամբ: Այս իրողութիւնը հաստատելու համար ան կը դիմէ Նեհրոյի խորհրդանշական կերպարին, որ քալեց կեանքի այլազան ճամբաներէն, ուր չկրցաւ գտնել մարդ արարածի խառնուածքին մէջ հիմնական որեւէ փոփոխութիւն եւ բարեշնորհ որեւէ յատկութիւն:

Նոյնիսկ բնութեան ծոցին մէջ, երբ հեղինակը կը շրջի ազատ ու անկաշկանդ, խորապէս տխուր կը զգայ ինքզինք այն գիտակցութեամբ, թէ կարճատեւ է կեանքը, եւ թէ` մենք եթերային անհունութեան մէջ` «օտարական հիւրեր ենք տիեզերական համալիրին մէջ նետուած…»:

Խաչիկ Տէտէեանի միակ ցանկութիւնն է ըլլալ առօրեայ կեանքի տաղտուկներէն վեր ու տեսնել ամէն երեւոյթ առինքնող ու գեղեցիկ: Կը բաղձայ հաւատաւոր հետեւորդն ըլլալ գեղապաշտ ձգտումներու եւ չտեսնել երբեք տառապանքը մարդուն…

Գերեզմանատան մէջ հեղինակը պահ մը կը տարուի այն մտածումով, որ, օր մը պիտի այցելէ հօրը շիրիմը ո՛չ թէ որդիական իր պարտականութիւնը կատարելու առաքելութեամբ, այլ պիտի երթայ իբրեւ հանգուցեալ անդամը իրենց ընտանեկան դամբարանին:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ այն անձը չէ այլեւս ինք, որ պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեան օրերուն կը վազէր ինքնահաճ ցանկութիւններու ետեւէն, այլ հասունութեան տարիքը թեւակոխած այն մարդն է հիմա, որ կը հաւատայ միայն իր տեսածին, կը հոգայ իր ընտանիքին ապրուստը` ինքնաբաւ գոհունակութեամբ եւ կ՛ըլլայ հետամուտ այն համոզումին, թէ ինչ որ հնարաւոր է այսօր, կրնայ անկարելի դառնալ վաղը…

Հատորին յաջորդ բաժինով Տէտէեան կ՛արտայայտէ սիրային ապրումներ` զգացական անխառն զեղումով: Կ՛ըսէ, թէ կը սիրէ խորհրդանուշ աչքերը իր սիրած էակին, որոնց անդիմադրելի կախարդանքին դիմաց չի կրնար մնալ լռախոհ ու անտարբեր…

Հատորին աւարտին, բազմաբնոյթ նիւթերու առընթեր, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ առանց հայրենի հողի` կարելի չէ մղել գոյութեան պայքար եւ տանիլ յաղթանակ, որովհետեւ հողը անփոխարինելի այն զօրութիւնն է, որ կը կենսաւորէ մեր դարաւոր աւանդները եւ մեր հոգեկան ձգտումները:

Արդարեւ, Խաչիկ Տէտէեան «Խենթ գիշերներու թափառումներ» խորագրեալ իր վերոյիշեալ քերթողագիրքով կը բաղձայ, որ կեանքը պահէ յաւիտենապէս հին օրերու իր անաղարտ դիմագիծը, որպէսզի շրջապատի իրերն ու երեւոյթները չխաթարուին նոր ժամանակներու ընկերային ապականիչ բարքերէ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2012
Պէյրութ

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Կը Սիրենք Եւ Չենք Սիրեր Հանրային Արուեստի Գործերը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Խտրականութիւն Բնաւ Չկա՞յ. «Անցեալները Թաքսիմի Հրապարակին Վրայ Հայերը Նախատող Որմազդներ Կախուեցան. Արդիւնքը Ի՞նչ Եղաւ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.