Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ԿԱՆԳՆԵՆՔ

April 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլը ինքնաբերաբար դարձած է մեր արդար պահանջներուն վերահաստատման, նաեւ այդ նպատակով մեր տարած աշխատանքին արդիւնքի գնահատման հանգրուան. կը կշռենք ներկան ու անցեալը, կը նայինք ապագային:

Մեր պահանջատիրութեան կիզակէտը, բնականաբար, Ցեղասպանութիւնն ու մեր պատմական հայրենիքի մեծ մասին բռնագրաւումն են. մեր առաջադրանքներուն ալ գլխաւոր խորագիրները, նոյն բնականութեամբ, կը կազմեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, արդար փոխհատուցում` իր հողային, նիւթական ու առնչակից բոլոր երեսներով ու ոլորտներով:

Այս առաջադրանքներուն կողքին, յիշատակում կը կատարենք նաեւ մեր ինքնապաշտպանական արարքներուն, ֆետայական ու կամաւորական գունդերու սխրանքներուն, շարք մը քաղաքներու մէջ եւ բարձունքներու վրայ մղուած ինքնապաշտպանական հերոսապատումներուն, որոնցմէ մաս մը պսակուած է յաղթանակով (Վան, Մուսա Լեռ…), ուրիշներ` հայ մարտնչողներուն գրեթէ ամբողջական զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ (Շապին Գարահիսար…):

Այդ բոլորը պսակադրող գերագոյն հերոսամարտը` Սարդարապատը, հայութեան ու Հայաստանի վերապրումը երաշխաւորողը, մեր համազգային տօնակատարութեանց մէջ ունի իր արդար տեղը` Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան նախօրեակին, Սարդարապատի ու զուգահեռ ճակատամարտերուն յիշատակումով: Հայաստանի մէջ անոր նուիրած ենք փառաւոր յուշահամալիր-կոթող, այցելուներս կ՛ապրինք սխրանքին ու յաղթանակին հպարտանքը: Մուսա Լերան հերոսամարտի կերտիչներն ու ժառանգորդները, նոյնինքն Մուսա Լերան վրայ ու Այնճարի մէջ, կանգնած են յիշատակի կոթող, հայրենակցական այլ միութիւններ եւս կանգնած են յուշակոթողներ կամ յուշապատեր` տուեալ հերոսամարտի նահատակներուն ու հերոսներուն յաւերժացման համար:

Մեզի ծանօթ չէ որեւէ յուշարձան, որ խորհրդանշէ մեր բոլոր հերոսամարտերը, թէեւ յաճախ կ՛ըսենք, որ Սարդարապատի յուշարձանը կարելի է նկատել մարմնաւորումը նման կամքի մը: Հետեւաբար ազգովին պէտք է մտածենք, ծրագրենք ու իրականացնենք մեր բոլոր հերոսամարտերը խորհրդանշող յուշարձան մը կամ, ինչո՞ւ չէ, յուշարձաններ, Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի օճախներուն:

Կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ չէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ:

Նոյնքան ու աւելի կարեւոր է ունենալ հայութեան արդարահատոյցներուն նուիրուած յուշարձաններ` Հայաստանի մէջ ու այլուր: Յուշարձան, որ մեզի ու աշխարհին յիշեցնէ, որ ցեղասպան վարչամեքենային պատասխանատուները ո՛չ միայն արդար դատավարութեան ենթարկուած են ու մահավճիռ ստացած` 1919-ին, այլ նաեւ լուսանցքի վրայ ձգուած այդ վճիռը գործադրուած է հայ արդարահատոյցներու ձեռքով, ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումով ու անոր Գործին ուխտեալներու ձեռքերով, մեր ու արդարատենչ մարդկութեան պատմութեան մէջ արձանագրելով Սողոմոն Թեհլիրեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի պէս անուններ:

Թալէաթներու, էնվերներու, սայիտհալիմներու եւ ճեմալներու պէս ոճրագործներու ահաբեկման որոշումը, ճիշդ է, արձակուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ու գործադրուեցաւ դաշնակցական արդարահատոյցներու ձեռամբ, սակայն այդ որոշումը տրուեցաւ ու գործադրուեցաւ յանուն հայութեան, իբրեւ առաջին պատժամիջոց` արդար հատուցման առաջին քայլ` ողջ հայութեան ու մեր հայրենիքին դէմ գործադրուած ոճիրներուն դիմաց: Ատիկա առաջին մասնավճարն էր: Պարտամուրհակին մէջ դեռ շատ բան կայ անհատոյց: Ֆրեզնոյի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին վրայ բարձրացած յուշարձանը պէտք է նկատել միայն նախաքայլ մը այս իմաստով, սակայն անիկա պէտք չէ թողուլ իբրեւ միակ արտայայտութիւն:

Պատկերացնենք. ի՛նչ դեր, քաղաքական-քարոզչական ինչպիսի՛ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մուտքին կամ մերձակայութեան մէջ մեր արդարահատոյցներուն նուիրուած յուշակոթող մը: Ծիծեռնակաբերդ այցելող հայ թէ օտար ուխտաւորներ, որոնք կ՛երթան խոնարհելու մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, ինչպիսի՛ լուսաբանութիւն պիտի գտնեն նման յուշակոթողի մը ճամբով: Բնականաբար նման քայլ պէտք չէ մնայ լոկ քարեղէն կամ նիւթական կառոյց, այլ անոր պէտք է ընկերանայ համապատասխան բացատրական` պատմութեան լուսանցքայնացուած էջերէն քաղուած ազդու արձանագրութիւններով: Նոյնիմաստ կոթողներ կամ յուշատախտակներ կարելի է ունենալ նաեւ աշխարհասփիւռ մեր բոլոր յուշարձաններուն կողքին, որպէսզի նախ եւ առաջ մե՛նք յիշենք ու նոր սերունդներուն սորվեցնենք, որ մեր անսակարկելի իրաւունքներուն կենսագործման առաջին պատասխանատուն մենք ենք, թէ` իրենց օրերուն, երիտասարդ ուխտեալներ մեր առաջին արդարահատոյցներն էին, նահատակներուն առընթեր` անո՛նք ալ անժամանցելի պատգամներ ունին բոլորիս, նո՛յնքան կարեւոր ու նո՛յնքան հնչեղ, համահունչ` այն զանգերուն, որոնք կը ղօղանջեն Սարդարապատէն ու կ՛ըսեն. «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»…

Նման յուշարձաններ պիտի չըլլան լոկ Դաշնակցութեան որոշումին ու գործին պանծացումը, անոնց թելադրականութեան վերականգնումը, այլ նաեւ պիտի պատկանին ողջ հայութեան, Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի գաղութներուն, արդարատենչութեան լուսանցքայնացուած մէկ արտայայտութեան յուշարարը: Ի վերջոյ, կայ անմոռանալի ճշմարտութիւն մը. Դաշնակցութեան մարմնաւորումն ու անոր Գործը եղած են ու կը մնան վասն հայութեան ու հայրենիքին:

… Թուրքերը յուշակոթող կանգնած են փաստուած ոճրագործին` դահճապետ Թալէաթի յիշատակին: Մեր արդարահատոյցները աւելի՛ իրաւունք ունին, եւ արդա՛րօրէն, սպասելու բոլորէս` պետական, հոգեւոր, կուսակցական թէ ազգային բոլոր պատասխանատուներէն ու իւրաքանչիւր հայէ, որ միացեալ նախաձեռնութեամբ մը իրականացնենք զիրենք ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձնող յուշարձանի մը գաղափարը: Ծիծեռնակաբերդին ու Սարդարապատին կողքին, նաեւ սփիւռքեան օճախներուն մէջ, ունենանք նաեւ մեր արդարահատոյցներուն նուիրուած յուշարձան:

Նման նպատակ կ՛իրականացուի այս սիւնակին մէջ չմնալով: Չմոռնանք, որ այս տարի կը նշենք Թալէաթի ու միւս ոճրագործներուն ահաբեկման 90-րդ տարեդարձը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

10 ապրիլ 2011

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Յաջորդը

ՕԼԵԿ ՊԼՈԽԻՆ` ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՐԶԻՉ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։