Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՄԱՏԱԽԻ՞Լ ԿԱՂՆԻՍ

April 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կանգնած էր հպարտ` կեդրոնը բակիս
Հզօր ճիւղերով հնամեայ կաղնիս:
Պապս էր զայն ցանած. երբ մէկ հատ կաղին,
Չէր գիտեր ինչպէ՛ս, խորքը գրպանին,
Իր հետ ճողոպրած թուրքին գեհենէն:
Տուն-տեղ շինած էր հեռու իր Երկրէն,
Ցանած կաղինն այդ հրաշքով ազատուած,
Պտուղն իրենց տան կաղնիին գերուած.
Իր խնամքին տակ մեծցող նոր կաղնին
Մասամբ կ՛ամոքէր կարօտը երկրին:
Իրմէ հօրս ժառանգ, ասկէ ալ` ինծի,
Թեւակոխելով իր ութսուն տարին
Հպարտութիւնն էր մեր տանն ու բակին:
Որքա՜ն խաղցած եմ անոր շուքին տակ,
Որքա՜ն մագլցած` մինչեւ իր գագաթ,
Չէ դաւաճանած, զիս ամուր պահած:
Իր կաղիններով շինած եմ հոլեր
Փոքր տարիքիս, առնելով հովեր`
Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս կը դառնան ուղիղ,
Վայրկեան բռնեցէք, դիւրաւ չեն ընկճիր,
Իմ ձեռքիս գործն է, ես եմ շինարար.
– Շինած ըլլայի կարծես օդանաւ-:
Իսկ ամառները, երբ տաք ու խոնաւ,
Իրիկնամուտին որպէս օդասուն
Գիշերային բոյնն էր ճնճղուկներուն.
Եւ ի՜նչ հաճելի երգեցողութի՞ւն,
Թէ՞ հանդիսաւոր սիրաբանութիւն
Ճռուողիւնները` մինչեւ մտնեն քուն.
Եւ նոյն համերգը վաղ առաւօտուն:
Թուրքը հանգիստ չէր, հայը դեռ կանգո՞ւն`
Մեծ վտանգ իրեն` օտար ափերուն.
Տենդոտ կը հսկէր ան մէն մի շարժում:
Հարկ է տապալել այդ կաղնին հսկայ,
Հայուն արմատին, ակունքին վկայ:
Սպասեց, մինչեւ գայ յարմար տարին.
Արտակարգ ձմեռ, գործն եղաւ դիւրին.
Ղրկեց մեր կողմերն ահեղ փոթորիկ.
Հակազդեցութիւնն էր նոյնքան սաստիկ.
Կաղնին դիմադրեց. մարտն անհաւասար`
Ան տեղի տուաւ, գլուխն հակած վար
Գնաց հանգչելու հաստ ցանկապատին,
Հաստապինդ բունով` կէս արմատախիլ:
Միթէ արտօնուա՞ծ է հայուն ընկճիլ.
Խորհրդանիշն է կաղնիս հաստաբուն`
Յաւետ ապրելու կամքին հայկազուն:
Հարկ էր կանգնել զայն` մեծ հօ՛րս կաղնին,
Որպէս հրճուի անոր սուրբ հոգին:
Միայն մէկ կերպ կար հանելու ոտքի.
Թեթեւցուցի զայն որքան կարելի
Եւ ամբողջ ուժովս զայն կանգնեցուցի…:
Կանգնած է դարձեալ կաղնիս հաստաբուն,
Թէպէտեւ խուզուած, թեւատ, բայց սիրուն,
Ան ազգիս նման ունի երկար շունչ.
Կը ստանայ նախկին տեսքը վեհաշուք
Կարճ ժամանակին – հայ ազգին յատուկ –
Ծլարձակելով ճիւղեր յարաճուն.
Կը լսուի դարձեալ զուարթ ճռուողիւն:

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Նախորդը

ՁՈՒԼՈՒՄ (ՋԱՐԴԷՆ ԵՏՔ)

Յաջորդը

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ. «ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։