Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 7-18 մայիս 2013-ին Սթավանկերի (Նորվեկիա) մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Ան ուրիշներու նման վերոնշեալ մրցաշարքին իր մասնակցիլը յստակացուց, որպէսզի այլ մրցաշարքերու մասնակցելու համար հրաւէրներ չստանայ:
Այս մրցաշարքը Արոնեանի համար կը նկատուի բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցները պիտի ըլլան ինը այլ կրանտմասթըրներ, որոնց կարգին` Անանտ, Քարլսըն, Քրամնիք եւ Ուանկ Հաօ:


