Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց մաս կազմած ակումբներուն հետ հանդիսացան փոխախոյեաններ:
Խրուաթիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, Մովսիսեան իր զաղրեպեան ակումբին` Մլատոսթի հետ հանդիսացաւ փոխախոյեան: Տիտղոսին տիրացաւ Լիպուրնիա ակումբը:
Իսկ Սերպիոյ խմբային ախոյեանութեան, Սարգսեան Վոտովոտ ակումբին հետ հանդիսացաւ փոխ ախոյեան` տիտղոսին տիրացած Նովի Սատի ետին:


