Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտի Խոհեր. «Երբեք Պիտի Չգոցուի Այս Դուռը…» (Գ. Եւ Վերջ)

October 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Վարժարաններուն դուռը միշտ բաց պահելու առաջնորդին հաւատքը հասկնալիօրէն կը բխի  ու իր ուժը կ՛առնէ ծնողներու եւ պատասխանատու մարմիններու վճռակամութենէն:

Դուռը միշտ բաց պիտի մնայ, որովհետեւ եկեղեցիի մկրտութենէն ետք, դպրոցի դռնէն  ներս երեխան պիտի վերամկրտուի, բայց այս անգամ հայ գիրով ու հայակրթութեամբ:

Եկեղեցին մկրտութիւնը կ՛աւարտէ  խունկի ու աղօթքի խորհրդակատարութեամբ: Իսկ դպրոցի վերամկրտութիւնը կը տարածուի երկար տարիներու վրայ` մշակումով, որ պարզ ծէս մը չըլլալուն, մշակողէն կը պահանջէ`  անհրաժեշտ հմտութիւնը, ինքզինք վերանորոգելու-վերաորակաւորելու տենդ, նուիրում, ժամանակ ու աշխատանք չսակարկելու պատրաստակամութիւն:

Պահանջուած այս բարեմասնութիւնները բնածին չեն, այլ` ստացական: Կը ստացուին շրջապատէն, բարոյական ըմբռնումներէն, կը ձեւաւորուին պայմաններու պարտադրանքէն եւ կը զարգանան  նախաձեռնուած միջոցառումներով: Կը նշանակէ, թէ ինքնամշակման համար կարգ մը արտաքին միջամտութիւններ բարերար արդիւնք կրնան տալ: Որոշիչ դեր կ՛ունենան այդ նպատակադրումով առիթներու ընձեռումը, ստեղծումը:

Հոս է ահաւասիկ, որ ըսելիք ու մանաւանդ ընելիք ունին կրթական գործին վրայ վերահսկելու կոչուած մարմիններն ու պատասխանատու անձերը:

Խոստովանութիւն մը. ամէն անգամ, որ վարչական պատասխանատուներուն նոր առաջարկ կամ անոնց գործունէութեանց մասին տեսակէտ  պիտի հրապարակուի, գրողին  մտքին մէջ առհասարակ կը ցցուի տանջող հարցական մը այն մասին, թէ` նոր առաջարկը կրնայ ընկալուիլ իբրեւ լռելեան քննադատութիւն մինչ այդ կատարուած գործունէութեան դէմ: Որքա՞ն ճիշդ է ուրեմն, եւ բարոյապէս պարկեշտ մօտեցում` քննադատել եւ աւելին պահանջել անձերէ, որոնք ազնուօրէն  եւ կամաւոր աշխատանքով ժամանակ, միտք, երբեմն նաեւ քրտինք կը տրամադրեն ազգային-միութենական գործերուն համար:

Ինչպէ՞ս ընենք սակայն:

Ըսինք արդէն: Նկարագիրը ստացական է, կը կազմաւորուի շրջապատի ազդեցութեան տակ: Սփիւռքի պայմաններն ու հնարաւորութիւնները   ամէն տեղ ու ամէն մարզի մէջ հանրային ծառայութեան ըմբռնումը աճեցուցած ու խորացուցած են կամաւոր աշխատանքի սկզբունքին վրայ: Միաժամանակ,  հայ մարդուն մօտ զարգացուցած` գործողներուն նկատմամբ խստապահանջ ըլլալու բնաւորութիւնը, վարքագիծը:

Յառաջընթացի աւելի լաւ կերպ ալ չկայ թերեւս Որով, յայտնենք մեր ըսելիքը` հնարաւոր խտացումով:

Ընդհանուր առումով դաստիարակութիւնը  կը ձգտի երեք թիրախներու.-

Աշակերտին փոխանցել անցեալի փորձը, մտածելու կարողութիւնը եւ նորին կախարդանքը: Իսկ ինչ կը վերաբերի հայակրթութեան, անիկա պէտք չէ շփոթել հայախօսութեան հետ ու հոն ալ սահմանափակուիլ: Լեզուն կենսական է, կեանքի մէջ ու կեանքի չափ կարեւոր: Բայց անիկա ազգային մտածողութիւն կը ստեղծէ եւ ինքնութիւն կը կերտէ այն պարագային, որ ենթակայ-աշակերտը անով կը յարաբերի ու հաղորդութեան մէջ կը մտնէ ազգի անցեալ փառքին, պանծալի ու ցաւալի դէպքերուն, հերոսներուն, մշակոյթի գործիչներուն եւ  արժէքներուն հետ: Նաեւ, եթէ անով  յարաբերի անձնական ու հաւաքական յուշերուն հետ: Այլապէս, լեզուն կ՛արժէ այնքան, որքան որ անոր պէտքը կայ մտածում արտայայտելու-փոխանցելու համար: Եւ սփիւռքի մէջ, գիտենք, որ հայ աշակերտը  իր ներկայ ու հետագայ կեանքին մէջ դժբախտաբար այնքան ալ պէտքը չունի հայերէնին` իր մտածումը արտայայտելու համար:

Ֆրանսախօս ու գերմանախօս ազգեր կան, որոնք ֆրանսացի ու գերմանացի չեն, որովհետեւ անոնք ֆրանսերէն ու գերմաներէն կը խօսին թէեւ, բայց այդ լեզուներով կը յարաբերին իրենց սեփական ազգի արժէքներուն հետ: Ահա այս յարաբերութիւնն ու հաղորդութիւնը ստեղծելուն մէջ կը կայանայ  ինքնութիւն կերտելու բանալին:

Աւելորդ է ընդգծել, որ հայակրթութեան գործը շատ դժուարացած է բաւական երկար ժամանակէ ի վեր, մանաւանդ վերջին տարիներուն: Ուղղակի թէ անուղղակի, տեղ մը պարտադրանքով, ուրիշ տեղ շուկայական մրցունակութեան պահանջով ստիպողաբար կը գործադրուի երկրի կրթական ծրագիրը, որ իր բնոյթովն ու բովանդակութեամբ մրցորդ է մեզի: Պայման է հմտութիւնն ու միջոցներու որոնումը, որպէսզի կարելի ըլլայ կերպով մը այդ ծրագիրը ուղղորդել հայեցի դաստիարակութեան:

Կրթադաստիարակչական գործունէութեանց ուղղութիւն տալու համար պատկան նախարարութիւններ տարին քանի մը հեղ կը կազմակերպեն շրջանային սեմինար-հանդիպումներ եւ առիթ կը ստեղծեն, որպէսզի  ուսուցիչներ քով-քովի գան, ներածական-զեկոյցներ լսեն, փորձառութիւններ փոխանցեն իրարու, ինքնանորոգուին, իրազեկ դառնան  աշխատանքի կրթական յայտագրին  եւ հետամուտ ըլլան այդ յայտագրի գործադրութեան: Անոնք շատ հոգ ալ չեն ըներ, եթէ  այդ հանդիպումները յաճախ կը կրեն մակերեսայինի բնոյթը, որովհետեւ իրենց կրթական համակարգը հաստատուած է սեփական հայրենիքի հողին վրայ:

Մեր ուսուցիչները բազնատասնեակ հազարներով անծանօթներ չեն, ինչպէս նախարարութիւններունն է: Համրուող ծանօթներ են, որոնց գործակցութիւնն ու օգնութիւնը շատ հեշտ է ունենալ, որպէսզի հերթական հանդիպումներ կազմակերպուին եւ քննութեան առարկայ դառնան հայակրթութեան վերաբերող խորքային խնդիրներ, աւանդուելիք դասանիւթերու բովանդակութիւնը, ուսուցման աշխատակարգը  (մեթոտ)  եւ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին գործադրելի յայտագիրը: Յայտագիր մը, որուն իրագործումը  հայաշունչ յուշերու ապրումներով իրարու պիտի կապէ աշակերտները, այսօր եւ ընդմի՛շտ:

Այսքան պարզ ու օգտակար եւ նմանատիպ նախաձեռնութիւններ եթէ չեն առնուիր, ապա ուրեմն աւելորդ է դիւրազգացութիւնը` կամաւոր տրամադրուածութեամբ գործողներու նկատմամբ:

Հանրածանօթ հրապարակագիր Յակոբ Պալեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ  բառացի կը գրէր. «Հայ դպրոցը կարկտան կարգադրութիւններու գումար չէ…»: Թերեւս քիչ մը ծանր էր այդ դիտարկումը, բայց կը կարծենք, թէ ձայնակցողներ պիտի չպակսին, եթէ արձանագրենք, որ հայակրթութիւնը  ձգուած է պատահականութեան: Լաւագոյն պարագային` հայ ուսուցչի  խելքին, խղճին ու աշխատունակութեան: Այս երեք բարեմասնութիւններէն մէկուն բացակայութիւնը անարժէք կը դարձնէ արդէն մնացեալ երկուքին գոյութիւնը:

«Դուռը  միշտ բաց պահելու»  պատասխանատու մարմիններու վճռակամութեան ցոլացումը չէ հայակրթութիւնը պատահականութեան մատնելու վերջին տարիներու վերաբերումը:

Գիտենք: Ինչպէս անցեալին, տարբեր նիւթեր շօշափող այլ յօդուածներէ, նաեւ այս գրութենէն իրենց խանդոտութիւնն ու վրդովումը չծածկողներ պիտի գտնուին, ենթադրելով, որ իրենք թիրախն են մեր նշումներուն:

Այդպիսիներուն կը վստահեցնենք, որ ո՛չ անցեալին եւ ո՛չ ալ հիմա ոե՛ւէ մէկուն  թիրախ դարձնելու դոյզն  մտածումն իսկ չէ անցած մեր մտքէն, որովհետեւ մեր կէտ-նպատակը մի՛շտ եղած է խաղողն ու այգին, եւ ոչ` այգեպանը:

Այս պարագային` հայակրթութիւնը, ինչպէս նաեւ բնականաբար` հայ դպրոցը, որուն «Դռները երբե՛ք պիտի չգոցուին…» :

 

Աթէնք

 

Նախորդը

Սլաք. Այո՛, Օժանդակել, Բայց Ինչպէ՞ս

Յաջորդը

Ժիւտօ. Լիբանանի Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները Կայացան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.