Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտաւորութիւնն Է». «Պայմաններու Բերումով Լիբանան Եկած Սուրիոյ Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Առջեւ Պէտք Է Լայնօրէն Բացուին Մեր Դռները» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով: Հանրապետական մաղթանքին նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հանրապետական մաղթանքէն ետք խօսք առնելով վեհափառը ըսաւ. «Երկար դարերու տառապանքէ ու հալածանքէ ետք  28 մայիս 1918-ին հայրենի մեր ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնը: Դժբախտաբար կարճ ժամանակ յետոյ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձաւ համայնավար վարչակարգին: 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանը վերանկախացաւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին ու գիտակից յանձնառութեան»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ունենալ. հիմնականը այդ անկախութիւնը պահելն ու զօրացնելն է: Արդ, Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է: Հզօրացում ըսելով մենք կը հասկնանք ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը հայրենիքին: Անոր կենսամակարդակի բարձրացումը, հայ մշակոյթին ծաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումը, Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց ծաւալումը, հայրենի մեր քաջարի բանակին ամրացումը, եւ այս բոլորը կարելի է իրագործել մեր բոլորին ամբողջական մասնակցութեամբ` հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:

Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ըսաւ. «Կը վերահաստատենք Մեր կոչը աջակցելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Սուրիոյ հայութեան տագնապը համազգային հիմնահարց է, եւ այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ անոր: Առանց խտրութեան անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ հայութեան, եւ ա՛յսօր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Ապա վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ որոշ թիւով Սուրիայէն հայ ընտանիքներ եկած են Լիբանան պայմաններու դժբախտ բերումով: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են. անոնք մեր հիւրերը չեն: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք անոնց, եւ մեր տուներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն, գործատեղիներուն դռները լայնօրէն պէտք է բանանք անոնց առջեւ` անոնց օգտակար դառնալու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ: Վստահ ենք, որ անոնք ժամանակաւորապէս պիտի հաստատուին Լիբանան, եւ անմիջապէս որ կացութիւնը հանդարտի Սուրիոյ մէջ, պիտի վերադառնան իրենց տուներուն ու գործերուն` մասնակից դառնալու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքներուն»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան ու բոլոր կազմակերպութիւններուն առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւն Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.