Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւն Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն

September 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Պէյրութի «Ինթըրքոնթինենթըլ Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 21-ամեակին:

Ձեռնարկին սկիզբը հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ անդրադարձաւ անկախութեան տարիներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն, ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ առկայ մարտահրաւէրները:

Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը` կարեւոր նկատելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն ազգանուէր գոծունէութեան, աջակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար եւ նշեց. «Այսօր դուք սատար կը կանգնիք հայրենիքին ձեր գիտելիքներով եւ կարողութիւններով, գաղափարներով եւ ներդրումներով, կը ստանաք Հայաստանի քաղաքացիութիւն, կը շարունակէք նաեւ նպաստել բարեկամ Լիբանանի զարգացումին եւ ի հարկէ, հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման»:

Տօնական ընդունելութեան ներկայ էին նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, Լիբանանի նախագահի եւ վարչապետի խորհրդականներ, արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, օտարերկրեայ դեսպաններ, քաղաքական, կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայկական երգեր, ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին ժապաւէն մը, իսկ Հայաստանի եւ Լիբանանի հայ երաժիշտները կատարեցին հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ:

 

Նախորդը

Տիկին Գոհար Խաչատուրեանի Այցելութիւնը՝ «Ազդակ»

Յաջորդը

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտաւորութիւնն Է». «Պայմաններու Բերումով Լիբանան Եկած Սուրիոյ Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Առջեւ Պէտք Է Լայնօրէն Բացուին Մեր Դռները» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.