Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամօր

August 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Տօնդ է այսօր, Մայր ամենազօր: Կ՛աղօթենք կրկին, որ օգնես մեզի` այս դաժան կեանքի օրերուն դիմաց, որ ըլլանք ներող չարերուն բոլոր:

Արդեօք կրցա՞նք հետեւիլ սրբութեանդ հզօր, կրցա՞նք պահել հաւատքը անխախտ` իբրեւ մայրեր մաքուր, մայրեր հարազատ:

Պատկերիդ դիմաց աղօթեցինք շատ, լսեցի՞ր արդեօք պաղատանքը ջերմ, ժողովուրդին մեր, ցրուած աշխարհով օտար մայթերուն:

Զգեստդ կապոյտ եւ գօտիդ ճերմակ` եղան ուղեցոյց ուխտապահութեան, գէթ ընդունէիր, Տիրամայր բարի, աղջիկներուն մեր աղերսը գաղտնի, մայրութեան ձգտում, պահպանող ազգի: Արդեօք կը ներե՞ս մեր անգիտակից կամ գիտակից մեղքերը բազում: Մեր մայրերուն տուր քաջութիւն անբաւ, որ մնան տէրը հայ ընտանիքին: Ոչ մէկ դրժում` ուխտին մայրութեան, զաւակները հայ աճին ու մեծնան խորհուրդով բարի: Աստուածահաճոյ կամքին հնազանդ` մնանք երջանիկ մեր երդիքին տակ:

Ուխտի օրն է այս, սուրբ Վերափոխման, արդեօք կը մնա՞նք կապոյտ տեսիլքիդ հլու միաբան:

Նարեկացին սուրբ` փառաւորեց քեզ, ընդունէ, Սուրբ Մայր, բարեխօսութիւնը երանելիին, որուն խօսքերով ի խորոց սրտի` պահ մը հրաժեշտ տուինք ցանկութիւններէն սին, սանձարձակ կեանքին:

Ներէ՛, Տիրամայր, մայրերուն անգէտ, աղջիկներուն մեր` մշուշուած պատկեր: Մաքրութեամբ անբիծ` սորվեցուր կրկին, որ մնանք տէրը հայու օճախին:

«Վարանիմք ի մեղաց» երգեցինք սակայն, ցօղեցիր կաթիլդ կուսական սրտերուն երկչոտ, ուրախացանք շատ սքանչելիքիդ պայծառութեամբ, իսկ եթէ դարձեալ աղտոտի երդումը սիրոյ, այս անգամ եւս ներէ, Կոյս Մարիամ, որ արժանանանք ներումիդ լոյսին: Թող աչքերը մեր աներկիւղ նային նկարիդ, թագիդ երկնատուր, ու մի՛ մոռնար, Սրբուհի՛, երկիրը մեր հայոց, Հայաստան ու Արցախ, ուր Գանձասարի ղօղանջները զնգուն` փառաւորեն քեզ արթուն, զուարթուն:

 

Նախորդը

«Ա՜խ, Սրբազան, Աստուածածնին Պիտի Ծախենք…»

Յաջորդը

Կիրակնօերայ Խօսքը. Լուսաւորչաւանդ «Շողակաթ»-ի Լոյսին Մէջ Դեգերիլ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.