Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաջողութեան Փառքը Միայն Ինծի Կը Պատկանի, Ձախողութեան Մէջ Բոլորս Մեղսակից Ենք». Նափոլէոն

August 3, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոնտոնի 30-րդ ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները մինչեւ այսօր ձախողած են` ստանալով 0-ներ:

Աշխարհի վերջին 2 ախոյեանութիւններուն (2010 եւ 2011) մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչները 7 անգամ 0 ստացած են, եւ եթէ ատոնց աւելցնենք Լոնտոնի մէջ ստացած երկու 0-ները, ուրեմն վերջին երկու տարուան ընթացքին հայ ծանրաբարձները ամէնէն պատասխանատու մրցաշարքերուն մէջ 9 անգամ չեն կրցած արդիւնք արձանագրել:

Ասիկա փաստ է, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային ֆետերասիոնը ոչ մէկ լուրջ հետեւութիւն ըրած է կատարուածին եւ Լոնտոնի մէջ արձանագրուող արդիւնքին պատասխանատուութիւնը նախ եւ առաջ կ՛իյնայ սխալ կառավարման, տնօրինման բացակայութեան վրայ:

Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը չունի գրասենեակ, պաշտօնական կայքէջ, ելեկտրոնային հասցէ: Եթէ այս բոլորը չկան, ուրեմն նաեւ չկայ անձնակազմ…

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ծանրաբարձութեան (69 քկ) մարզաձեւին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Առաքել Միրզոյեանի ձախողութիւնը մեկնաբանութիւններու, վէճերու, նոյնիսկ վիրաւորանքներու եւ մեղադրանքներու դուռ բացած է: Կը ներկայացնենք տարբեր տեսակէտներ այս մասին:

Աշխարհի եւ ողիմպիականի նախկին ախոյեան Եուրի Վարդանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Առաքել Միրզոյեանի ձախողութեան պատճառները խումբէն անկախ, առանձինն մարզուիլն իր ծանրութիւնը նուազեցնելն է:

«Անյաջողութեան պատճառներէն առաջինը առանձինն մարզուելու գործօնն է: Ի տարբերութիւն միւս ծանրաբարձներուն, Առաքել Միրզոյեան անհատապէս պատրաստուեցաւ ողիմպիական խաղերուն` իրենց գիւղի ինքնաշարժի կառատան մէջ: Անշուշտ առանձինն մարզուելու արտօնութիւնը ան ստացած էր Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէէն: Ասիկա իրենց գիտնալիքն է: Ես անձամբ հաւաքականէն անջատ մարզուիլը չեմ ընդունիր: Կարելի չէ, որ մարզիկը յաջողութեան հասնի մարզուելով խումբէն անկախ, առանձինն: Որովհետեւ հաւաքականին հետ մարզումներու ժամանակ կայ մրցակցութեան հասկացողութիւնը, մարզիկը կ՛ոգեւորուի, իր խմբակներուն հետ պայքարի մէջ կը մտնէ: Ասիկա մեծ նշանակութիւն ունի», ըսաւ Եուրի Վարդանեան:

Իսկ ձախողութեան երկրորդ պատճառին մասին խօսելով` ան ըսաւ.

«Առաքելը տասը քիլօ նուազեցուց իր կշիռքը: Եւ ատիկա ոչ թէ ամսուան մը, այլ քանի մը օրերու ընթացքին: Ամիս մը առաջ որոշում տրուեցաւ, որ Առաքել Միրզոյեան 77 քկ ծանրութեան մակարդակէն պէտք է 69-ի տեղափոխուի, իսկ Առաքել կը կշռէր 80 քկ: Եւ բնական է, որ ամսուան սկիզբէն չնուազեցուց իր կշիռքը, այլ վերջին 10-12 օրերուն: Բնականաբար ատիկա աստիճանաբար եղաւ, սակայն հիմնական նուազեցումը տեղի ունեցաւ վերջին 2-3 օրերուն: Ասիկա անշուշտ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ: Այսպիսի պարագայի մարդ կը տկարանայ, կը հիւծի, ջրային մասը ամբողջութեամբ կը կորսնցնէ:

Առաքել Միրզոյեան «դիմատետր»-ի («ֆէյսպուք») իր էջին մէջ պատասխանեց Եուրի Վարդանեանի քննադատութեան:

Առաքել Միրզոյեան կը գրէ.

«Ինծի համար Ե. Վարդանեանի կարծիքը կարեւոր չէ: Ինչ կը վերաբերի Գագիկ Ծառուկեանին, ըսեմ, որ ան այն մարդն է, որ կանգնած է հայ ազգին եւ մարմնակրթութեան կողքին, եւ ան ցարդ սխալ որոշում չէ տուած: Անոր բոլոր որոշումները տեղին եղած են եւ դրական: Իսկ կ՛ըսէ՞ք, թէ ուր էր Եուրի Վարդանեանը, երբ Գագիկ Ծառուկեանը կ՛օգնէր մարմնակրթութեան եւ կանգնած էր մեր բոլորին կողքին: Կ՛ըսէ՞ք: Գ. Ծառուկեանն ու Օգսէն Միրզոյեանը թող հանգիստ ձգեն: Ամօ՛թ է: Քննադատելը դիւրին է»:

Երկրորդ տեսակէտը, այս պարագային Հայաստանը ներկայացնող բոլոր մարզիկներու մասին, հրատարակեց «Երկիր» կայքէջը: Ստորեւ` յօգուածը.

Ինչո՞ւ հայաստանցիներս մարզական յաջողութիւն չենք արձանագրեր, իսկ, օրինակ, չինացիները կ՛արձանագրեն: Ասիկա հասկցած եմ Առաքելի երէկուան ելոյթէն:

Հայ մարզիկը հերոսի հաւանական դափնիներով կը մասնակցի մրցումին: Անոր թիկունքին կայ երկիր մը, ուր յոյսի մշակոյթ չկայ: Ինք մտքի թելերով կապուած չէ իր հայրենակիցներուն հետ, սակայն աչքին առջեւ ունի ծնողները, հովանաւորները, երկրին նախագահը, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ղեկավարը, տնտեսական շահը: Ան ասպարէզ կը մտնէ ոչ Հայաստանի Հանրապետութենէն անկախ: Եւ կը ձախողի նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութենէն անկախ: Իր երկրի քաղաքացիներուն հետ իր ընդհանրութիւնը ան կը գիտակցի այնքանով, որքանով անոնցմէ ոչ մէկուն առջեւ անհատապէս հաշուետու է: Չինացին վախէն չէ, որ համաշխարհային մրցանիշներ կը հաստատէ: Եւ այնպէս չէ, որ կը ներկայացնէ աշխարհի ամէնէն հզօր երկիրներէն մէկը: Ան մրցաբեմ կը բարձրանայ երկիրը ընդգրկելով: Անոր միտքին մէջ տեղ գտած չինացի մուրացիկի վաղուան օրը ան կը տեսնէ:

Հարց կը դրուի, թէ ինչո՞ւ կը ձախողին ֆրանսացիները, որոնցմէ մէկը աշխարհի փոխախոյեանն է: Եւ ինչո՞վ բացատրել յոյսի մշակոյթէն զուրկ Առաքելին` Եւրոպայի փոխախոյեան դառնալը: Ի վերջոյ, ան երկրին դրօշը բարձրացուցած է: Նախ, ան այդ յաղթանակը տարած է այն ժամանակ, երբ տակաւին երկրին մէջ յոյս կար, երբ ինք նոր մրցասպարէզ դուրս կու գար եւ իր բաժին կռիւը ունէր Հայաստանի անունով: Կարելի է, որ ան այն ժամանակ աւելի լաւ գիտէր մարդիկը, որոնք յոյսի կարիք ունին: Այսօր Առաքելը շարք մը դափնիներ ունի իր ուսերուն, կը նստի եւ ժամանակ կ՛անցընէ մարդոց հետ, որոնք մուրացկան չեն: Առաքելը երկիրը կորսնցուցած է, ան իր երկրին ամէն թիզը կորսնցուցած է փառքի մեկուսացնող բարձունքներուն վրայ: Չէ՞ որ փառքը եւ երկիրը տարբեր բաներ են: Առաջին յաղթանակը երկրինն է, մնացեալ յաղթանակները սեփական փառքի ծարաւը կը յագեցնեն, ահա ինչու իմաստունները կ՛ըսեն, որ երկրորդ անգամ յաղթելը միշտ աւելի դժուար է, քան առաջին անգամ յաղթելը:

Մեր մարզիկները մրցումին մէջէն բացառած են պատերազմի տարրը: Ֆրանսացի սեւամորթներուն համար այս մրցասպարէզը իրենց կռիւը չէ: Բացի անկէ, Ֆրանսա արդէն 4 ողիմպիական ոսկի ունի: Բռնապետական Ղազախստանը 2 ողիմպիական ոսկի ունի: Այսինքն, ոչինչով աւելի լաւն է Հայաստանէն: Պատահակա՞ն է, որ ծանրամարտի նախորդ երկու դասակարգերուն մէջ յաղթեցին աշխարհի ամէնէն բռնապետական Հիւսիսային Քորէայի ծանրամարտիկները, որոնք կռիւ ունին ժողովրդավարական հասարակութիւններու հետ:

Մեր մեկնաբանները կը սիրեն ըսել, որ չինացիները ծանրորդներ կ՛ընտրեն 6-8 միլիոն ծանրամարտիկներու մէջէն: Այո, բայց ցուցանիշները հոն տեսանելի են: Ըսենք, ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ 69 քկ դասակարգին մէջ կարելի է յաղթել երկամարտին մէջ 355 քկ բարձրացնելով: Ի՞նչ կապ ունի, թէ չինացին քանի միլիոնէն կ՛ընտրէ իր ծանրորդը: Յոյսի մշակոյթը պետութեան մէջ կը ձեւաւորէ քաղաքացին: Եթէ Հայաստանի մէջ կան 3 միլիոն քաղաքացիներ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը յոյսի մշակոյթ կը ձեւաւորէ միւսին համար: Իսկ այդ յոյսին մշակոյթը պատերազմը յաղթելու լաւագոյն խաղաքարտն է:

Չինացիները եւ հիւսիսային քորէացիները կռիւ ունին աշխարհին հետ: Հիւսիսային Քորէան արդէն ողիմպիական 3 ախոյեան ունի, այնտեղ կեանքը մեր երկրէն անհամեմատ վատ է բոլոր առումներով: Հիւսիսային քորէացիները կը յաղթեն ոչ միայն հաւի ուղեղով իրենց առաջնորդներուն համար, անոնք նաեւ իրենց սովեալ ժողովուրդը կը սնեն այդ յաղթանակներով, անոնք յոյս կը ներարկեն: Անոնք իրենց բաժինը վաղը կը կրեն իրենց ուսերուն` ողիմպիական բարձունքներ արշաւելով: Կը ձախողին, հիւսիսային քորէացի յաջորդ մարզիկը իր կռիւը կը մղէ նաեւ ձախողածին փոխարէն, կարծես ընկերը ինկած է մարտի դաշտին վրայ: Մեր մարզիկները այսպիսի զգացումներ չունին, անոնք սոսկ պարտաւորութիւններ ունին, իսկ պարտաւորութիւնները «տոփինկ» չեն: Ահա թէ ինչու հայ մարզիկը նախ պիտի ձեւակերպէ իր «կռիւը», ապա միայն կը մտնէ ասպարէզ:

ՍԷՅՐԱՆ ՀԱՆՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Ողիմպիական Խաղերու Վեցերորդ Օրը

Յաջորդը

«Պատիւ Մըն Էր Իբրեւ Հայ Ողիմպիականին Մասնակցիլսեւ Լիբանանը Ներկայացնելս» Կ՛ըսէ ՀՄԸՄ-ական Դուին Մումջողլեան` «Ազդակ»-ին Տուած Հարցազրոյցին Մէջ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.