Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատիւ Մըն Էր Իբրեւ Հայ Ողիմպիականին Մասնակցիլսեւ Լիբանանը Ներկայացնելս» Կ՛ըսէ ՀՄԸՄ-ական Դուին Մումջողլեան` «Ազդակ»-ին Տուած Հարցազրոյցին Մէջ

August 3, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոնտոնի 30-րդ ողիմպիական խաղերուն Լիբանանի ներկայացուցիչներէն էր նաեւ փինկ-փոնկի ախոյեան, ՀՄԸՄ-ական Դուին Մումջողլեան, որ Լոնտոն գտնուած օրերուն պատասխանեց մեր յղած հարցումներուն:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ են տպաւորութիւններդ ողիմպիականին մասնակցելու առիթով:

ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ.- Ողիմպիական խաղերուն մասնակցութիւն բերելս երազ մըն էր, որ իրականացաւ շատ դժուար, երկար պատրաստութենէ ետք: Միաժամանակ պատիւ մըն էր իբրեւ հայ մասնակցութիւն բերելս, ինչպէս նաեւ Լիբանանը ներկայացնելս: Շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանի նախագահը, երբ հրաւիրեց հայ մարզիկները Լոնտոնի մէջ հիւրասիրութեան մը, սփիւռքահայերն ալ նկատի առաւ: Նաեւ ինծի համար մեծ փորձառութիւն էր ողիմպիականին մասնակցիլս: Հակառակ անոր որ բազմաթիւ առիթներով մասնակցած եմ, փինկ-փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքերու, սակայն ողիմպիական խաղերու ծանրութիւնը շատ աւելի կշռեց իմ ուսերուս, թէ՛ նախապատրաստական մարզումներուն, թէ՛ մրցումներուն ընթացքին:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս էին բացման հանդիսութեան մթնոլորտը եւ քու զգացումներդ իբրեւ հայ:

Դ. Մ.- Բացման հանդիսութիւնը շատ տպաւորիչ էր, սակայն իբրեւ արարողութեան աշխուժութիւն` աւելին կը սպասէի: Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուց Մեծն Բրիտանիոյ պատմութիւնը` շատ գեղեցիկ բեմադրութեամբ, սակայն մէջը չկար մարզական-ողիմպիական դիմագիծ: Այդուհանդերձ դաշտին մէջ ներկայ գտնուիլը եւ քալելը տասնեակ հազարաւոր հանդիսատեսներու դիմաց` գիտակցելով, որ բոլոր աչքերը քեզ կը դիտեն, անմոռանալի փորձառութիւն մըն է: Իբրեւ հայ, այս ողիմպիականը ինծի փաստեց, որ հակառակ անոր որ թիւով փոքր ժողովուրդ մըն ենք, սակայն շատ մեծ իրագործումներ կրնանք իրականացնել: Լիբանանէն 2 հայ մարզիկուհի էինք 10 անդամնոց խումբին մէջ, այսինքն` 20 առ հարիւրը, հակառակ անոր որ հայերը Լիբանանի ժողովուրդին փոքր մէկ համեմատութիւնը կը կազմեն:

«Ա.».- Մարզիկներու շրջանակին մէջ մթնոլորտը ինչպէ՞ս էր:

Դ. Մ.- Շուրջ 10 հազար մասնակցող մարզիկներուն յատկացուած է յատուկ ողիմպիական քաղաք մը, ուր բոլորը կը մնան: Ասիկա երիտասարդ մարզիկներուն բախտաբեր առիթ մը եղաւ ծանօթանալու աշխարհի ախոյեաններու: Այս ողիմպիականը լեցուն էր երիտասարդներու յոյսերով, ինչպէս նաեւ նուաճումներով: Լողի մէջ 15-ամեայ մարզիկուհի մը տիրացաւ ոսկի մետալին: Մարզիկները նաեւ ունէին շատ բարձր մարզական ոգի եւ յարգանք իրարու նկատմամբ:

«Ա.».- Ի՞նչ տուաւ քեզի Լոնտոնի ողիմպիականը:

Դ. Մ.- Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլս ինծի յատկապէս ինքնավստահութիւն տուաւ: Համոզուեցայ, որ ժամերով առօրեայ փորձերս արդիւնք տուած են: Զգացի, որ փինկ-փոնկի ասպարէզիս եւ կեանքիս մէջ շատ մեծ փորձառութիւն մըն է:

«Ա».- Այժմ դադա՞ր, թէ՞…

Դ. Մ.- Ողիմպիականը մեծ եւ հիմնական երազ մըն էր, որ իրականացաւ, սակայն տակաւին իրականացնելիք շատ նպատակներ ունիմ, յատկապէս կարեւոր այլ ախոյեանութիւններու տիրանալ, ինչպէս նաեւ յաջորդ սերունդներ պատրաստել:

«Ա.».- Լաւագոյն յաջողութիւններ:

 

 

Նախորդը

«Յաջողութեան Փառքը Միայն Ինծի Կը Պատկանի, Ձախողութեան Մէջ Բոլորս Մեղսակից Ենք». Նափոլէոն

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.