Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՊՐՆ. ԱՐՇԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

April 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի աւանդութիւնը դարձած տարեկան հանգանակութիւնը երկար տարիներու անցեալ ունի «Ժողովուրդէն ժողովուրդին» բնաբանի սկզբունքով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան որոշումով տարուան մէկ կիրակին կը հռչակուէր հանգանակութեան օր:

Մասնաճիւղերու վարչութիւնները կը լծուէին աշխատանքի, այդ օրը ակումբները կը լեցուէին կամաւոր ընկերուհիներով, երիտասարդներով եւ նոյնիսկ` տարեցներով, որոնք կու գային օժանդակելու հանգանակութեան աշխատանքին` դռնէ դուռ բախելով անխտիր բոլոր ազգայիններու դուռերը:

Յանձնախումբերը կը վերադառնային գոհունակութեամբ` պատասխանատուին յանձնելով հանգանակուած գումարը:

Երկուշաբթի առաւօտ հանրութիւնը անհամբեր կը սպասէր «Ազդակ»ին, որուն առաջին էջին վրայ կը յայտարարուէր հանգանակուած ընդհանուր գումարը:

1965-ի հանգանակութեան շաբաթն էր: Նոր Մարաշի վարչութիւնը դիմեց ինծի, որպէսզի քանի մը ընկերուհիներով մասնակցինք կիրակի օրուան աշխատանքին:

Մենք` երեք երիտասարդուհիներ, կիրակի առաւօտ կանուխ ներկայ էինք «Սարդարապատ» ակումբին սրահը: Կարգադիր յանձնախումբը տղաքն ու աղջիկները խումբ առ խումբ կ՛ուղարկէր որոշուած շրջանները:

Երբ կարգը եկաւ մեր երեքին, առաջարկեցին մեզ ուղարկել Մար Եուսէֆ հիւանդանոցի շրջակայքը գտնուող քանի մը տասնեակ շէնքերը, որոնց հայ բնակիչները տեղափոխուած էին Պուրճ Համուտէն եւ այլ հայահոծ վայրերէ եւ հոն տակաւին ոչ մէկ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունէր:

Ակումբի տղաքը ինքնաշարժով առաջնորդեցին մեզ հայրենակիցի մը տունը` ըսելով, որ պրն. Արշակ մեզ հոն կը սպասէ, ան է, որ պիտի ընկերակցի: Ուրախ էինք, որ առաջնորդ մը պիտի ունենայինք, որովհետեւ` շրջանը բոլորովին անծանօթ էր մեզի համար:

Տղաքը մեզ հասցուցին շէնքի մը գետնայարկը, բախեցինք դուռը, քանի մը վայրկեանէն դուռը բացուեցաւ եւ տարեց հայրենակից մը դիմաւորեց մեզ: Հարց տուինք, որ պրն. Արշակին տունը արդեօք հո՞ս էր. պատասխանը եղաւ, որ ես եմ պրն. Արշակը, վայրկեանին յուսախաբութիւն ապրեցանք, երիտասարդուհիներս նայեցանք իրարու, սակայն քաղաքավարութեամբ մտանք ներս: Պրն. Արշակ շուարած էր, չէր գիտեր` ինչպէ՛ս յարգէր մեզ, մինչ հազիւ ժամ մը անցած` ընտելացած էինք իրարու:

Ճամբայ ելանք հանգանակութեան, պրն. Արշակ ծանօթ էր շրջանի բոլոր հայ ընտանիքներուն, բոլորն ալ յարգանքով եւ սիրով կ՛ընդունէին մեզ: Ժամ մը չանցած` բարեկամներ դարձած էինք իրարու, համեստ, ընկերային պրն. Արշակը կարծէք մեր երկար տարիներու ծանօթն էր: Ժամերը կը սահէին, ուրախ էինք, որովհետեւ հանգանակութեան արդիւնքը գոհացուցիչ էր, մանաւանդ եղան նաեւ ընտանիքներ, որոնք սպասուած գումարէն աւելի վճարեցին:

Կէսօրը անցած էր եւ ժամը մէկն էր, պատահեցաւ անսպասելին, պրն. Արշակ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ մեր հանգանակութիւնը հասած էր իր աւարտին, կը մնար մէկ տուն, ուր պէտք է այցելէինք:

Բախեցինք վերջին տան դուռը, ներսէն ձայներ կը լսուէին, երիտասարդուհի մը բացաւ դուռը եւ ժպտադէմ մեզ ներս հրաւիրեց: Տարօրինակ բան մը կար, չէինք հասկնար, կը սպասէինք, որ տանտիկինը վճարէ իր նուէրը, երբ յանկարծ պրն. Արշակ յայտնեց, թէ հոն իր աղջկան տունն է, աճապարելու պէտք չունինք, ճաշէն ետք հանգանակութիւնը կ՛աւարտենք եւ կը մեկնինք:

Երեք ընկերուհիներով անակնկալի եկած էինք այս անսպասելի ընդունելութենէն, ապա իմացանք, որ պրն. Արշակ առաւօտ շատ կանուխ մսաշոթին միսը պատրաստելով` տարած էր փուռ եւ դասաւորած` ամէն ինչ: Ճաշեցինք ուրախ մթնոլորտի մը մէջ եւ հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք ակումբ, անմոռանալի յիշատակներով:

Տարիները կ՛անցնէին, ամէն տարի ԼՕԽ-ի հանգանակութիւնը կը շարունակուէր, իսկ ես միշտ կը վերյիշէի պրն. Արշակն ու իր օրինակելի վարմունքը:

ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Նախորդը

ԷՋ ՄԻԱԾԻՆՆ Ի ՀՕՐԷ

Յաջորդը

«ՀԱՒԱՏՔԻ, ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՏԵՍԻԼՔԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.