Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԽԱՉՈՒՀԻՆ

April 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոքր էի, հազիւ 8 տարեկան, սակայն տակաւին յստակ կը յիշեմ, թէ օր մը մեր տան հիւրասրահը խմբուած էին կիներ, որոնց խօսակցութեան ընթացքին յաճախ երկու բառեր կը կրկնուէին` «Պնակ մը կերակուր»: Օրին ինծի համար տարօրինակ էին այդ բառերը, սպասեցի, որ մայրս ճամբէ իր հիւրերը, ապա իրեն մօտենալով` հարց տուի, թէ ի՞նչ էր իմաստը «Պնակ մը կերակուր» եզրին:

Մայրս զիս նստեցուց ծունկերուն վրայ եւ բացատրեց, թէ այս ընկերուհիները եւ ինք ԼՕԽ-ականներ են: Ան ըսաւ, որ իրենք տարին անգամ մը հանգանակութիւն կը կատարեն, հայերու տուներէն ու բնակարաններէն գումարներ կը հաւաքեն` «Պնակ մը կերակուր» անունով եւ գոյացած գումարը կը յատկացնեն հայ որբին, աղքատին, հիւանդին, ծերին:

Տարիներու ընթացքին սկսայ աւելի լաւ ըմբռնել խաչուհի բառին իմաստը: Հայ կիներ իրենց տան գործին եւ զաւակի դաստիարակութեան կողքին, պիտի ծառայեն ազգին կարիքաւորներուն ու զոհուին առանց վարձատրութեան:

Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն խաչուհիին պարտականութիւնը ծանրացաւ: Ակումբներու մէջ մնայուն կերպով կարիք կար մայրերու գոյութեան եւ այդ մայրերը մեր ԼՕԽ-ականներն էին: Ակումբին մէջ գիշերային պահակութեան օրերուն խաչուհիները առաւօտեան ժամը 6:00-ին նախաճաշ պատրաստած կ՛ըլլային, իսկ եթէ լուր առնէին, որ հայ վիրաւորներ փոխադրուած են հիւանդանոց, կը սուրային անոնց կողքին ըլլալու: ԼՕԽ-ականները միշտ հասան ամէն տեղ, փոխանցեցին սէր ու գուրգուրանք, լուծումներ գտան բարդ հարցերու, նիւթական եւ բարոյական ամէն տեսակի խոչընդոտ յաղթահարեցին: Նոյնիսկ ամէնէն ծանր ու վտանգաւոր կացութեան մէջ եղող վիրաւորներուն համար անոնք եղան մխիթարութիւն եւ յոյս:

Անտէր ծերը ապահով կը զգայ ԼՕԽ-ականի ներկայութեան, որբը մայրական գուրգուրանք կը ստանայ, հիւանդը կը դարմանուի եւ կեանքին կը կառչի ԼՕԽ-ականին նեցուկով:

ԼՕԽ-ականը կը մխիթարէ` առանց վիրաւորելու, պաշտօնեայ է` առանց տնօրէնի, կը ծառայէ` առանց հրահանգի, դժգոհելու, այլ` ժպիտը դէմքին:

ԼՕԽ-ականը իսկական հերոս է, որովհետեւ ան ո՛չ անունի կը ձգտի, ոչ ալ փառքի:

ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԸ

Յաջորդը

ԷՋ ՄԻԱԾԻՆՆ Ի ՀՕՐԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.