Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

July 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2012-ին, այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն:

Երեսփոխանը ջերմօրէն ընդունուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ, որ ողջունելով  մեծայարգոյ հիւրը` կարեւոր նկատեց հայ համայնքի ղեկավարներուն կողմէ տրուած նման պարբերական այցելութիւնները, որոնք գաղութին մէջ իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդասիրական եւ հայակերտման գործին մէջ: Ան մեծ հաճոյքով յիշեց տարի մը առաջ երեսփոխան Բագրատունիի հաստատութիւն տուած այցելութիւնը, որ արդիւնքն էր համագործակցութեան, կապերու առաւել ամրապնդման եւ հայկական բարեսիրական հաստատութիւններու հանդէպ ունեցած նախանձախնդիր հետաքրքրութեան:

Այնուհետեւ ան Յ. Բագրատունիի ներկայացուց հաստատութեան վերջին ծրագիրներն ու արձանագրած զարգացումները: Այս առնչութեամբ յատկապէս նշեց ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որ կը նպաստէ շրջանի հայ մանուկներու խաղաղ եւ արդիւնաւէտ արձակուրդի մը կայացման:

Ապա երեսփոխան Բագրատունի եւ հաստատութեան տնօրէնը ուղղուեցան հաստատութեան տարբեր բաժանմունքները, Յ. Բագրատունի խօսեցաւ պարագաներուն հետ,  ինչպէս նաեւ հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեան յուզող հարցերով:

Հանդիպումէն ետք Յակոբ Բագրատունի շրջեցաւ դասարանները, ծանօթացաւ աշակերտներուն եւ կատարեց իր բարեմաղթութիւնները` յոյս յայտնելով, որ ապագային իրենց դրական ներդրումը ունենան գաղութի կեանքին մէջ:

Աւարտին երեսփոխանը հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան  տնօրէնութեան եւ ընկերային ծառայողներուն  հետ,  արծարծուեցան Լիբանանի մէջ  հայ համայնքի զաւակները յուզող հարցերը. իւրաքանչիւր ընկերային ծառայող ներկայացուց իր բաժանմունքին կատարած ծառայութիւններն ու հարցերը: Յ. Բագրատունի իր կարգին տուաւ հարկ եղած թելադրանքներն ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց բարեսիրական այս հսկայ ծառայութեան գործին:

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէսներ

Յաջորդը

Բամբասա՞նք, Թէ Բանն Ասանկ. Հայախօս Աղախիններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.