Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարգարեան. «Արտաքին Ուժեր Կը Միջամտեն Դաշնակցութեան Ներքին Գործերուն

July 3, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ արտաքին ուժեր այսօր կը միջամտեն ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին գործերուն, կը փորձեն խնդիրներ ստեղծել կուսակցութեան մէջ եւ նպատակ ունին փոխել ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութիւնը: Մարգարեան այս յայտարարութիւնը կատարեց պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ ճիշդ են լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ՀՅԴ-ի մէջ յառաջացած են լուրջ հակասութիւններ:

«Մենք կենդանի օրկանիզմ ենք, եւ աւարտած են ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին, մեղմ ըսած, մենք փայլուն արդիւնք չենք ունեցած: Եւ շատ բնական է, որ կուսակցութեան մէջ ըլլան դժգոհութիւններ, մտահոգութիւններ, տարբեր կարծիքներ: Ասիկա բնական է: Եթէ չըլլային պիտի նշանակեր, որ մենք առողջ կուսակցութիւն չենք», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան` աւելցնելով. «Բայց հարցը ատոր մասին չէ: Այն, ինչ որ այսօր մամուլին մէջ կը փորձեն ներկայացնել, բացարձակ սուտի վրայ հիմնուած է»:

Հրանդ Մարգարեան շարունակեց. «Եւ նպատակ կայ. երբ մենք լաւ արդիւնք չենք ունեցած, պարարտ հող կը ստեղծուի արտաքին միջամտութիւններու համար: Մեզի խորհուրդ կու տան, որ պէտք է ամերիկեան ուժ դառնաք, մեզի խորհուրդ կու տան, որ պէտք է խորհրդարանական պայքարէն հրաժարիք` իբրեւ թէ պէտք է միայն յեղափոխական կուսակցութիւն դառնանք: Մեզի խորհուրդ կու տան, որ Ղարաբաղի մէջ որո՛ւն թեկնածութիւնը պաշտպանենք, որո՛ւնը չպաշտպանենք: Այս տեսակ խորհուրդները շատ են: Անոնք միջամտութիւններ են: Կը փորձեն ՀՅ    Դաշնակցութեան մէջ խնդիրներ ստեղծել»:

Հ. Մարգարեան տեղեկացուց, որ 5 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը:

«Բնականաբար, նախքան ժողովը նորէն արտաքին միջամտութիւնը սկսաւ շատնալ: Գիտեմ, որ մեր կազմակերպութեան մէջ հարցերը այդպէս չեն քննարկուիր եւ հաւատացած եմ, որ այս ժողովը պիտի գայ, բոլոր տարաձայնութիւնները պիտի փարատին եւ ինչպէս միշտ` այն, ինչ որ գրուած է մամուլին մէջ, սուտ դուրս պիտի գայ», աւելցուց Հրանդ Մարգարեան:

 

 

Նախորդը

Բազմահազար Հայորդիներ Մասնակցեցան Բժիշկ Սպայ Վահէ Աւետեանի Յուղարկաւորութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Նախագահները Հանդիպում Ունեցան

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.