Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

July 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 յունիս 2012-ին, ժամը 10:30-ին, քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Շրջապտոյտ Հայաստանի մէջ»:

Բեմը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի. հոն զետեղուած էին Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի, Ս. Էջմիածինի, Արարատ լերան եւ Մատենադարանի ձեռակերտները:

Տարբեր երկիրներէ հայորդիներ կը հասնին Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանը եւ կ՛ընդունուին «Խանամիրեան զբօսաշրջութեան» առաջնորդին կողմէ:

Հանդէսի ընթացքին զբօսաշրջիկները յատուկ հանրակառքով առիթը կ՛ունենան պտտելու Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ ծանօթանալու անոնց պատմութեան ու աւանդութիւններուն:

Պտոյտի ընթացքին իւրաքանչիւր հայորդի Հայաստանի պատմական վայրերը կը բաղդատէր իր ապրած երկրին յատկանիշներուն եւ աւանդութիւններուն հետ: Օրինակ` Ս. Էջմիածինը եւ Իտալիոյ Վատիկանի Ս. Պօղոս եկեղեցին, Երեւանի տուֆ քարերը եւ Յունաստանի ճերմակ տուները, Հայաստանի Սարդարապատի յուշարձանը եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան յուշարձանը, Արարատ լեռը եւ Լիբանանի Սաննին լեռը:

Հայաստանի կողքին, այլ երկիրներու պատմութեան ծանօթանալէ ետք ներկայացուեցաւ այդ երկրին պարը:

Մանկապարտէզի բոլոր դասարանները երգեցին «Ով եմ ես» եւ «Երանի» երգերը:

Հանդէսը եզրափակուեցաւ աշակերտներուն կողմէ  ներկաներուն ուղղուած հետեւեալ խօսքով. «Բոլորս կը գտնուինք մեր հայրենի հողէն դուրս` մեր երկրորդ հայրենիք Լիբանանի մէջ, կը յաճախենք հայկական դպրոց, կը սորվինք ու կը խօսինք հայերէն եւ ինչպէս տեսաք, աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ ըլլանք պիտի մնանք հայ»: Ապա անոնք արտասանեցին Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը` «When two Armenians meet anywhere in the world, see if they will not create a new Armenia» եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդւոյս» բանաստեղծութենէն տուն մը` «Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, այս լուսնին տակ ուր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»:

Հանդէսը փակուեցաւ «Վարդավառ շարան» խմբային պարով, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

Ապա վկայական ստացող աշակերտները իրենց խօսքին մէջ հաստատեցին, որ թէեւ ճիշդ է այն, որ իրենք հայրենիքէն դուրս կը գտնուին, սակայն հպարտ եւ ուրախ են, որ օտար հողի վրայ նոյնիսկ հայօրէն կը մեծնան ու կը դաստիարակուին շնորհիւ հայկական դպրոցին եւ անոր տարած սրբազան առաքելութեան:

Հանդէսի աւարտին քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, ըլլան անոնք թեմի առաջնորդ հայրը, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մնայուն բարերար տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Միրէյ Խանամիրեանները, ուսուցիչ, ծնողք, խնամակալ, ծնողաց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, պաշտօնէութիւն, անհատ բարերարներ, բարեկամներ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ճիգ չէին խնայած «պարտէզին ծիլերը ծաղիկի վերածելու եւ զանոնք իբրեւ փունջ նախակրթարան փոխանցելու»: Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ Մասիս վրդ. Զոպույեան եւ ըսաւ, թէ այսպիսի յաջող եւ գեղեցիկ հանդէս մը չի կրնար քանի մը շաբթուան արդիւնքը ըլլալ, այլ` տարիներու ժրաջան աշխատանք, ուստի գնահատեց Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճը, որ տարիներ շարունակ տուած է բերրի հունձքեր, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցած են լիբանանահայ գաղութին մէջ եւ անոնց արձագանգը հասած է նաեւ համայն սփիւռքահայութեան:  Ապա յանձնուեցան մանկապարտէզի վկայականները հետեւեալ շրջանաւարտներուն` Բալիկ Պօղոսեան, Կարինէ Մելքոնեան, Հելենա Քէշիշեան, Վանայ Թաթօ, Գօգօ Աղպոշեան եւ Քրիսթոֆըր Թաթօ: Մասիս վրդ. Զոպույեանի «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Այս հանդէսով անմեղ մանուկները իսկական ոգեւորութիւն եւ յուզում պատճառեցին ներկաներուն` յաջողելով 1 ժամուան ընթացքին զանոնք փոխադրել հայրենիք եւ շրջագայութեամբ մը այցելել սփիւռքահայութեան գտնուած հիմնական երկիրները: Ներկաները հանդէսի ամբողջ տեւողութեան մեծ ու լարուած հետաքրքրութեամբ հետեւեցան աշակերտներուն եւ անոնց սրտին մէջ շողաց հայրենիքի արեւը:

Վարձքը կատար բոլորին:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Ազգ. «Յառաջ» Մանկապարտէզի «Ծաղիկ»ները Ստացան Վկայական

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.