Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմնադրութեան 25-ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Լօխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնը Օժտուեցաւ Բժշկական Նոր Սարքաւորումներով` Օժանդակութեամբ Ճափոնի Դեսպանատան

June 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի  «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29  յունիսի  առաւօտեան յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ բժշկական նոր բաժանմունքներու: Ճափոնի  դեսպանատան օժանդակութեամբ  կատարուած  այս  ձեռնարկին Ճափոնի դեսպանին կողքին ներկայ էին  առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ  արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Փանոս Մանճեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ  Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, նախկին նախարար Սեպուհ  Յովնանեան եւ այլ հրաւիրեալներ: Բացման շքերթը կայացաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ: Ճափոնական եւ լիբանանեան  քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կից` արուեստագէտ Լենա Քելեկեան-Սիւլահեանի կողմէ պատկերազարդուած պատի բացման արարողութեան, եւ ապա` շտապ օգնութեան  բաժանմումքի նորազարդուած կեդրոնը, որուն բարեզարդման ու կահաւորման ծախսերը հոգաց բարերար  Սարգիս  Սիմիթեան:

Թալին Գըլպաշեան
Ճափոնի դեսպանը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Գըլպաշեան այս առիթով ներկաներուն յիշեցուց ԼՕԽ-ի հիմնական իրագործումները` նշելով, որ անիկա կը բաղկանայ 26 մասնաճիւղերէ` տարածուած ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ կը հաշուէ չորս հազար անդամներ: Ան աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը կը կազմակերպէ առողջապահական կանխազգուշական եւ կրթական վարժողական նիստեր ու դաստիարակչական ծրագիրներ:

Ապա ներկայացուեցաւ Ճափոնի դեսպանատան  օժանդակութեանց մասին յատուկ տեսերիզ մը, որմէ ետք «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի  Սաղըրեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի դեսպանատան, որ անգամ մը եւս կը փութայ օգնելու այս կեդրոնին` 103,500  տոլարի նպաստով: Ճափոնի այս նպաստին շնորհիւ կեդրոնը  օժտուեցաւ ոսկրափտութեան եւ «էքոկրաֆի»-ի, ինչպէս նաեւ` «քարտիաքտոփլըր»  անունով  ծանօթ սարքաւորումի յատուկ նոր ծառայութեամբ: Սաղըրեան խիստ բարձր  գնահատեց Ճափոնի դեսպանատան այս նպաստը` կրկնելով իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները:

Սօսի Սաղըրեան
Ալի Հասան Խալիլ

Իր կարգին, Ճափոնի դեսպանը իր եւ Ճափոնի կառավարութեան անունով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ԼՕԽ-ին, որ փութացած էր Ճափոնի ժողովուրդի օգնութեան` հոն պատահած երկրաշարժին եւ ցունամիին ընթացքին:  Դեսպանը վեր առաւ այս կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները` ի խնդիր ժողովուրդի առողջապահութեան ու բարօրութեան պահպանման: Ան անհրաժեշտ նկատեց հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու գործակցութիւնը` բնական աղէտներու հետեւանքները թեթեւցնելու համար:

Խօսք առաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ նմանապէս դրուատեց  կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները` իր գոհունակութիւնը յայտնելով «մեր  հայ  եղբայրներուն տարած լուրջ ու բծախնդիր աշխատանքին համար` ի խնդիր մեր ժողովուրդի առողջութեան պահպանման»: Նախարար Ալի Հասան Խալիլ բարձր գնահատեց կեդրոնին վարկը` նշելով, որ ան լիբանանեան պետութեան իսկ դասաւորումով կը դասուի առաջին տասը առողջապահական կեդրոններու շարքին:

Աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Թալին  Գըլպաշեանի կողմէ երախտագիտական  յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Ճափոնի դեսպանն ու առողջապահութեան նախարարը:

 

Նախորդը

Եգիպտահայ Առաջնորդներու Հանդիպում Նորընտիր Նախագահ Մոհամետ Մուրսիի Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.