Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտահայ Առաջնորդներու Հանդիպում Նորընտիր Նախագահ Մոհամետ Մուրսիի Հետ

June 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտահայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի միւս քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ միասին պաշտօնական հանդիպում ունեցած են Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ փրոֆ. Մոհամետ Մուրսիի հետ չորեքշաբթի, 27 յունիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հելիոպոլսոյ նախագահական  պալատին մէջ:

«Շնորհաւորանքներէն ետք, բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նախագահին իր ընդունելութեան համար», կ՛ըսէ սրբազան Մնացականեան, որ կը նկարագրէ, թէ «հանդիպումը բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ եւ տպաւորութիւնները միայն դրական են»:

Նախագահ Մուրսի, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր առաջնորդներուն` շնորհաւորանքներուն եւ բարեմաղթանքներուն համար: «Նախագահը յստակ նշեց, որ նմանատիպ հանդիպումներ շարունակական պիտի ըլլան նաեւ ապագային, եւ որ ինք պիտի շարունակէ ջերմ յարաբերութիւններ պահել քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն  հետ»:

Նորընտիր նախագահը  նշած է, որ «բոլորս իբրեւ մէկ բռունցք պիտի աշխատինք միասնաբար յանուն Եգիպտոսի բարօրութեան»` շեշտելով, որ ինք «պատրաստ է լսելու քրիստոնեայ համայնքներու խնդիրներն ու առաջարկները եւ ընդառաջելու անոնց հարցերուն»:

Յիշատակելի է, որ Իսլամ եղբայրներ շարժումի  թեկնածու Մոհամետ Մուրսի Եգիպտոսի նախագահ յայտարարուած էր 24 յունիսին. ան հաւաքած էր 51.7 առ հարիւր` խիստ մրցակցութիւն ունենալով Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութեան վերջին վարչապետ Ահմետ Շաֆիքի դէմ, որ իր կարգին հաւաքած էր 48.2 առ հարիւր: Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունեցած էր 16-17 յունիսին:

60-ամեայ Մուրսի մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է:

 

 

 

 

Նախորդը

Եուրօ-2012. Վաղը` Սպանիա – Իտալիա Աւարտական Մրցումը. Գլխաւոր Իրաւարարը` Փորթուգալցի

Յաջորդը

Հիմնադրութեան 25-ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Լօխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնը Օժտուեցաւ Բժշկական Նոր Սարքաւորումներով` Օժանդակութեամբ Ճափոնի Դեսպանատան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.