Պայերն Միւնիխ ակումբը, որ անցեալ շաբաթավերջին մեծ կորուստ ունեցաւ, երբ անգլիացի յառաջապահ եւ վերջերս «պալոն տ՛օր»-ի տիտղոսակիր Հերի Քէյն վիրաւորուեցաւ, ժամանակաւոր փոխարինող գտած է անոր, ըստ լրագրող Ֆլորիան Փլեթենպերկին:
Նիւ Եորք Ռետ Պուլզի յառաջապահ Էրիք Չուփօ-Մոթինկ, որ այս տարեշրջանի աւարտին կը դառնայ ազատ գործակալ, պատրաստ է 6 ամսուան համար պայմանագրութիւն կնքելու մինչեւ տարեշրջանի աւարտը եւ հանդէս գալու պահեստային ֆութպոլիստի դերով` փոխարինելով վիրաւոր Հերի Քէյնը:
Ըստ աղբիւրներուն, 37 տարեկան ֆութպոլիստը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ անմիջապէս կրնայ օգնել Պայերնին, որ տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած եւ կ՛ուսումնասիրէ այլ տարբերակներ եւս:
Չուփօ-Մոթինկ իր ասպարէզի ընթացքին ելոյթ ունեցած է գերմանական շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին Պայերն Միւնիխի հետ 2020-էն 2024, ինչպէս նաեւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ անգլիական Սթոք Սիթիի հետ:
Քամերունցի յառաջապահը 88 մրցումներ կատարած էր Պայերնի հետ` նշանակելով 19 կոլեր, մինչ 2025-էն ի վեր մաս կը կազմէ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Նիւ Եորք Ռետ Պուլզին, ուր 55 մրցումներու ընթացքին 22 կոլ նշանակած է:
Ան Քամերունի ազգային խումբին անդամ է 2010-էն ի վեր եւ 76 մրցումներու ընթացքին կրցած է նշանակել 20 կոլ:


