Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վեկասի Ծայր Աստիճան Հետաքրքրական Կրան Փրին…

November 25, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանի սկիզբը կը կարծուէր, թէ բաւական «անհամ» կամ ձանձրացուցիչ տարեշրջան մը պիտի ըլլար, բայց անցեալ շաբաթավերջին կրան փրիներու սիրահարները վերջապէս վայելեցին արժանի կրան փրի մը` Վեկասի մէջ:

Վեկասի մէջ պատմութեան 4-րդ կրան փրին եղաւ ծայր աստիճան հետաքրքրական, եւ մրցումի ազդանշանէն մինչեւ աւարտ մրցակիցները յաճախ դիրքերը փոխանակուեցան:

«Իրարանցումէն» օգտուեցաւ 4 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Մաքս Վերշթափեն, որ կրցաւ շահիլ` գերազանցելով «Մաքլարեն»-ի զոյգը` Լանտօ Նորիսը եւ Օսքար Փիասթրին` ամրապնդելով ինքզինք 2-րդ դիրքին վրայ:

Ինչպէս վերջին քանի մը տարիներուն, «Մերսետես»-ի բրիտանացի վարորդ Ճորճ Ռասըլ կարծէք «որոշած» էր Վերշթափենի հետ «խօսքերու պատերազմ»-ի մասնակցիլ:

Փորձերու պահուն մինչեւ փոլ-փոզիշընի մրցումը ան յաճախ կը գանգատէր, թէ նետերլանտցի վարորդը արգելք կը հանդիսանայ, որ ազատ շարժի շրջավազքին վրայ, բան մը, որուն մասին ան արտայայտուեցաւ փոլ-փոզիշընի մրցումէն ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Մրցումին հիմամբ զուգադիպութեամբ մը երկու մրցակիցները սկսան առաջին կարգէն, եւ կրան փրիի սկիզբէն Ռասըլ իր կարելին ըրաւ առաջ անցնելու Վերշթափենէն, որ սակայն մնաց անդրդուելի:

Քանի մը անգամ կարճ ժամանակով անցնելէ ետք, Ռասըլ միշտ ալ ետ կը մնար յաջորդող դարձուածքներուն վրայ: Կրան փրիի վերջին բաժինին, ձախող փորձէ մը ետք Ռասըլ նոյնիսկ իր խմբակից Քիմի Անթոնելլիէն ալ ետ մնաց, եւ Վերշթափենի դէմ մրցելու բոլոր ջանքերը ջուրը ինկան, երբ ան իր ինքնաշարժին հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով ճամբէն դուրս ելաւ եւ կրան փրին աւարտեց 9-րդ դիրքին վրայ:

Վերշթափեն, որ նկատեց Ռասըլի հաւասարակռութիւնը կորսնցնելը, ծիծաղելով բրիտանացիին չար բախտին վրայ որոշ նշումներ կատարեց: Ան նոյնիսկ կրան փրիի աւարտին զրոյցի մը պահուն յայտնեց, որ Ռասըլի մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ անոր մակարդակն իջնելու պէտք չունի:

Հաւանաբսար այդ խօսքերը քիչ մը ընդվզեցուցիչ էին Ռասըլի հանդէպ, բայց վերջինս տարիներէ ի վեր կը խօսէր… Ան անցեալ տարիներուն նոյնիսկ յայտնած էր, որ Լանտօ Նորիսէն աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կրնար ձգել, եթէ աւելի լաւ ինքնաշարժ ունենար:

Իրականութեան մէջ, այս տարի «Մերսետես» տարուան սկիզբէն բոլորէն աւելի լաւ ինքնաշարժ ունէր, բայց Ռասըլ չկրցաւ օգտուիլ ատկէ, մինչ իր խմբակից իտալացի Քիմի Անթոնելլի 20 տարեկանին աշխարհի ախոյեան դարձաւ:

Հետաքրքրական այլ դէպք մըն ալ կար այս կրան փրիին, Ռասըլ – Վերշթափեն պայքարէն հեռու:

«Ֆեռարի»-ի վարորդներ Լուիս Համիլթըն եւ Շարլ Լըքլեր անգամ մը եւս իրար զարնուեցան` կորսնցնելով կէտեր Մեքսիքայի կրան փրիի նման:

7 անգամ աշխարհի ախոյեան Համիլթըն եւ «Կոլտըն Պոյ» (ոսկի տղայ) Լըքլեր ըստ երեւոյթին չեն կրնար պայքարիլ տիտղոսին համար, այլ կը պայքարին «Ֆեռարի»-ին մէջ` իրար դէմ:

Տեղ մը հասած է, որ ըստ երեւոյթին իտալական ընկերութիւնը պէտք է որոշէ, թէ ո՛չ պէտք է մնայ խումբին մէջ:

Համիլթըն վստահելի վարորդ է եւ բաւական փորձառու, մինչ Լըքլեր, որ փայլուն ապագայ կը խոստանար, երկար պայմանագրութիւն ունի խումբին հետ, բայց ան վնաս կը հասցնէ Համիլթընի եւ խումբին իր անպատասխանատու ընթացքով:

Համիլթըն 2-րդ դիրքի վրայ էր եւ կը պայքարէր Անթոնելլի հետ, բայց Լըքլերի հետ մրցակցութիւնը անոր վնաս կը հասցնէ:

Հարցը «Մերսետես»-ի կամ «Ռետ Պուլ»-ի նման չէ, ուր մէկ վարորդը միւսէն շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէ, այլ ներքին է: «Ֆեռարի» պէտք է օգտուէր Համիլթընէն, որ աւելի լաւ մրցող է եւ աւելի քիչ սխալներ կը գործէ անշուշտ փորձառութեան պատճառով: «Ֆեռարի» յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտին կրնայ կորսնցնել զինք, երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, եթէ անոնք շարունակեն զինք թիւ 2 վարորդը նկատել: Լըքլերի միտքը հանգիստ է, մանաւանդ որ ան 12 տարի աւելի երիտասարդ է, բայց թէ խումբին պատասխանատու Ֆրետ Վասէօր ի՛նչ որոշէ տարեշրջանի աւարտին, ժամանակը գիտէ:

«Ֆորմիւլա 1»-ի համակիրները մէկ բան գիտեն, որ կրան փրիի մրցումերը սկսած են դառնալ աւելի հետաքրքրական եւ պայքարով հարուստ տարբեր խումբերու եւ վարորդներու միջեւ, թէ՛ նոյն խումբի վարորդներուն միջեւ:

 

Նախորդը

Սիմէոնէի Յատուկ Մրցանիշը

RelatedPosts

Սիմէոնէի Յատուկ Մրցանիշը
Մարզական

Սիմէոնէի Յատուկ Մրցանիշը

November 25, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։