«Լա լիկա»-ի (Սպանիոյ ախոյեանութեան) պատմութեան մէջ Տիեկօ Սիմէոնէ նոր էջ մը գրեց իր անունով:
Արդարեւ, արժանթինցի գլխաւոր մարզիչը Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբին հետ իր 345-րդ յաղթանակը կերտեց շաբաթավերջին, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Խեթաֆէին` նոր մրցանիշ մը հաստատելով, գերազանցելով Լուիս Արակոնեսի մրցանիշը: Սիմէոնէ պէտք ունեցաւ 567 մրցումներու` հասնելու համար 345-րդ յաղթանակին, մրցանիշ մը, որուն Արականես հասած էր 189 մրցումներ աւելի կատարելով:
Մօտ 15 տարիներ առաջ Մատրիտի ակումբը ստանձնելէ ետք, Սիմէոնէ 8 տիտղոսներ շահած էր` Աթլեթիքօ Մատրիտը դարձնելով 3-րդ հզօրագոյն ակումբը Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի ետին, դառնալով միակ ակումբը, որ այդ զոյգին յաջողութիւնները երկու անգամ ընդմիջեց:
Տարիներով քննադատուած Սիմէոնէ, որ միշտ տարբեր ձեւով կը խաղար, առիթ ունեցաւ պատասխանելու բոլոր քննադատներուն, որոնք միշտ անոր խաղաոճին դէմ կը խօսէին: «Դուն չես կրնար 345 մրցումներ յաղթել միայն պաշտպանելով: Արդեօք այդ մէկը կարելի՞ է», ըսաւ Սիմէոնէ: Սիմէոնէ, որուն կարեւորագոյն կէտը պաշտպանութիւնը զօրացնել էր, ապա արագ հակայարձակողականի անցնիլը, միշտ ալ քննադատութիւններու առարկայ կը դառնար: Վստահաբար «բաց» ֆութպոլը միշտ ալ տիտղոսներ կամ յաղթանակներ չ՛արձանագրեր, եւ փաստը Սիմէոնէի ոճն է:


