Հայաստանի հարաւային սահմանը այսօր կը կրէ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն մը, որ շատ աւելի լայն է իր աշխարհագրական տարածութենէն:
Սիւնիքը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կապէ Իրանի հետ, աստիճանաբար դարձած է միջազգային հաղորդակցութիւններու, ուժանիւթային շահերու եւ մեծապետական ռազմավարութիւններու մրցակցութեան կեդրոնական հանգոյցներէն մէկը:
Այստեղ կը խաչաձեւուին` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աշխարհագրական ձգտումները, Իրանի սահմանային եւ անվտանգային առաջնահերթութիւնները, Ռուսիոյ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը պահպանելու քաղաքականութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու` Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայութիւնը ընդլայնելու ծրագիրները:
Այս բարդ միջավայրին մէջ պէտք է դիտարկել «Թրամփի ուղին` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»` TRIPP նախաձեռնութիւնը:
Ծրագիրը կը ներկայացուի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման, տնտեսական զարգացման եւ խաղաղութեան ամրապնդման միջոց:
Սակայն անոր շուրջ ձեւաւորուած միջազգային հետաքրքրութիւնները կը յուշեն, որ մրցակցութիւնը սովորական փոխադրական ճանապարհի կառուցումէն շատ աւելի հեռուն կ՛երթայ:
Հայաստանի համար հիմնական հարցը ծրագրին անունը կամ անոր միջազգային հովանաւորութիւնը չէ, այլ այն, թէ անոր իրագործումը որքանո՞վ պիտի ամրապնդէ Հայաստանի պետականութիւնը, տնտեսական կարողութիւններն ու անվտանգութիւնը:
Հայաստան պէտք է հետեւողականօրէն պահանջէ, որ քաղաքական յայտարարութիւնները վերածուին չափելի, գործնական եւ իրաւական երաշխիքներով ամրագրուած յանձնառութիւններու:
Մեծապետութեան մը մասնակցութիւնը կրնայ բարձրացնել ծրագրին միջազգային կշիռը, սակայն միաժամանակ կրնայ Հայաստանը աւելի անմիջականօրէն ներքաշել այդ մեծապետութեան հակառակորդներուն հետ մրցակցութեան ոլորտ:
Հետեւաբար TRIPP-ը գնահատելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ոչ միայն անոր տնտեսական նպատակները, այլեւ` միջազգային ուժային յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը:
Ծրագրին շուրջ ամէնէն զգայուն քննարկումներէն մէկը կը վերաբերի Հայաստանի գերիշխանութեան:
Պաշտօնական համաձայնագիրը կը հաստատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պահպանէ ամբողջական գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը` ծրագրին իրագործման բոլոր տարածքներուն նկատմամբ:
Հայաստան կը պահպանէ նաեւ սահմանային վերահսկողութեան, մաքսային գործողութիւններու, օրէնքի կիրարկման եւ անվտանգութեան իրաւասութիւնները:
Այս դրոյթները կարեւոր են եւ պէտք է արձանագրուին իրենց իսկական նշանակութեամբ:
Միաժամանակ համաձայնագիրը կը նախատեսէ TRIPP-ի զարգացման ընկերութեան ստեղծումը` ամերիկեան կողմի մեծամասնութեան մասնակցութեամբ: Նախատեսուած կառուցուածքով ամերիկեան բաժնեմասը կը կազմէ 74 առ հարիւր, իսկ հայկականը` 26 առ հարիւր:
Նաեւ կը նախատեսուի զարգացման եւ տարածքներու օգտագործման բացառիկ իրաւունքներու տրամադրում` նախնական 49 տարուան ժամկէտով, հետագայ երկարաձգման պայմաններով:
Այս իրաւական կառուցուածքը առանձին ուշադրութեան արժանի հանգամանք մըն է:
Պետական գերիշխանութեան իրաւական պահպանումը անհրաժեշտ պայման է, սակայն Հայաստանի համար կարեւոր է նաեւ իրական ազդեցութիւն ունենալը տնտեսական եւ վարչական որոշումներուն վրայ:
Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ ապագային ընկերութեան առեւտրական առաջնահերթութիւնները հակասեն Հայաստանի պետական շահերուն:
Որքա՞ն ազատութիւն պիտի ունենայ Երեւան` ենթակառոյցներու զարգացման, լրացուցիչ ներդրումներու կամ տնտեսական նոր ուղղութիւններու վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու համար:
Ինչպէ՞ս պիտի ապահովուին` պետական վերահսկողութիւնը, պայմանագիրներու թափանցիկութիւնը եւ յաւելեալ գործընկերներ ներգրաւելու իրաւունքը:
Այս հարցադրումները ծրագրին նկատմամբ կանխակալ մերժումի արտայայտութիւններ չեն: Անոնք կը բխին Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին, տնտեսական հնարաւորութիւններուն եւ երկարաժամկէտ պետական շահերուն իրատեսական գնահատումէն:
Առանձնապէս կարեւոր է, որ հաղորդակցական ենթակառոյցներու զարգացումը Հայաստանի հարաւային տարածքներուն տնտեսական ապագան երկարաժամկէտօրէն չդնէ արտաքին գործընկերներու որոշումներուն ենթակայութեան տակ:
Սիւնիքի մէջ հայկական գերիշխանութիւնը պէտք է դրսեւորուի ոչ միայն պետական սահմաններու անփոփոխութեամբ, այլեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն` այդ տարածքին մէջ լիարժէք որոշումներ կայացնելու եւ զանոնք գործադրելու կարողութեամբ:
TRIPP-ի շուրջ ամէնէն կարեւոր աշխարհաքաղաքական հարցերէն մէկը կը վերաբերի Իրանի դիրքորոշումին:
Հայաստան-Իրան սահմանը Թեհրանի համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն: Ան կը հանդիսանայ դէպի հիւսիս հաղորդակցութեան ուղի եւ Իրանը կը կապէ Հարաւային Կովկասի ու անոր միջոցով` աւելի լայն տարածաշրջաններու հետ:
Հայաստանի համար ալ այդ սահմանը ունի բացառիկ արժէք:
Տասնամեակներ շարունակ, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանները փակ մնացին, Իրան դարձաւ Հայաստանի արտաքին հաղորդակցութեան, ուժանիւթային համագործակցութեան եւ տնտեսական այլընտրանքային կապերու կարեւոր գործընկերներէն մէկը:
Այս իրողութիւնը պէտք է նկատի ունենալ TRIPP-ի որեւէ գնահատումի ընթացքին:
Թեհրանի մտահոգութիւնը միայն հաղորդակցական նոր ճանապարհի մը գոյութենէն չի բխիր: Ան կը վերաբերի նաեւ ծրագրին պատճառով տարածաշրջանային ուժային հաւասարակշռութեան փոփոխութեան եւ Իրանի հիւսիսային սահմաններուն մօտ ամերիկեան ներկայութեան հնարաւոր ընդլայնումին:
17 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի յայտարարութիւնները յատկանշական են այս առումով:
Իրանական կողմը ընդգծեց Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ առաջարկելով վերահսկողութեան եւ խորհրդակցութեան հաստատութենական միջոցներ ստեղծել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ կանխել կամ կառավարել ծրագրին առնչուող տարակարծութիւնները:
Այս դիրքորոշումը կը նշանակէ, որ պէտք չէ կանխաւ բացառել Թեհրանի հետ կառուցողական համաձայնութեան կարելիութիւնը:
Միաժամանակ հարկ է զանազանել հաստատուած մտահոգութիւնը եւ տակաւին չհաստատուած ռազմական ենթադրութիւնը:
TRIPP-ի հրապարակուած շրջանակային համաձայնագիրը չի նախատեսեր ամերիկեան ռազմական կայաններու ստեղծում: Հետեւաբար ծրագրի իրագործումը փաստական հիմնաւորում չունի ամերիկեան բանակի` Իրանի սահմանին տեղակայման հետ նոյնացնելը:
Սակայն Իրանի անվտանգային մտահոգութիւնները քաղաքական իրականութիւն են, եւ Հայաստան պէտք է նկատի ունենայ զանոնք :
Այստեղ կը յառաջանայ հայկական դիւանագիտութեան նուրբ, բայց կենսական պարտականութիւնը:
Երեւան պէտք է կարենայ խորացնել Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները` միաժամանակ պահպանելով Իրանի հետ վստահելի եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը:
Այս երկու ուղղութիւնները պէտք է ծառայեն Հայաստանի անվտանգութեան ընդլայնման, եւ ո՛չ երկիրը միջազգային հակամարտութեան սահմանային հարթակի վերածելու:
Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մնայուն խորհրդակցական դրութիւն մը, սահմանային անվտանգութեան շուրջ թափանցիկ հաղորդակցութիւնը եւ համատեղ տնտեսական ծրագիրներու շարունակական զարգացումը կրնան նպաստել փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման:
Հայաստանի համար անհրաժեշտ է նաեւ երաշխաւորել, որ TRIPP-ի իրագործումը որեւէ ձեւով չսահմանափակէ Իրանի հետ իր առկայ եւ ապագայ հաղորդակցութիւնները:
Ռուսիա եւս կը հետեւի Հարաւային Կովկասի հաղորդակցական նոր դասաւորումներուն:
Հայաստանի երկաթուղային համակարգին կառավարման մէջ իր ունեցած դիրքը, տարածաշրջանի ուժանիւթային կապերը եւ անվտանգային ներկայութեան պատմական ժառանգութիւնը Մոսկուայի համար այս զարգացումները կը դարձնեն անմիջական ռազմավարական հետաքրքրութեան առարկայ:
TRIPP-ի իրագործումը կրնայ նուազեցնել Ռուսիոյ նախկին ազդեցութեան որոշ լծակներ, մանաւանդ եթէ նոր հաղորդակցական համակարգերը ձեւաւորուին առանց ռուսական մասնակցութեան:
Սակայն իրադարձութիւնները կրնան նաեւ այլ ընթացք ստանալ:
Միջազգային քաղաքականութեան մէջ մրցակից մեծապետութիւնները որոշ հարցերու շուրջ երբեմն կը հասնին փոխադարձ շահի համաձայնութիւններու, նոյնիսկ երբ այլ ուղղութիւններով կը շարունակեն իրենց առճակատումը:
Որոշ հրապարակումներու մէջ առաջ քաշուած է TRIPP-ի շուրջ ամերիկեան եւ ռուսական տնտեսական շրջանակներու հնարաւոր անուղղակի համագործակցութեան վարկածը: Սակայն ներկայացուած տեղեկութիւնները բաւարար չեն նման համաձայնութեան գոյութիւնը հաստատելու համար:
Այդուհանդերձ, ան կը բարձրացնէ Հայաստանի համար սկզբունքային կարեւորութիւն ունեցող հարց մը:
Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններուն ապագային վերաբերեալ որոշումները ձեւաւորուին Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ տնտեսական կամ քաղաքական փոխըմբռնումներու հիման վրայ` Հայաստանի սահմանափակ մասնակցութեամբ:
Հայկական դիւանագիտութեան գլխաւոր պարտականութիւնն է կանխել այնպիսի զարգացում մը, ուր մեր երկրին տարածքը կը ստանայ միջազգային ռազմավարական արժէք, սակայն Հայաստանի ազդեցութիւնը կը նուազի այդ արժէքին վերաբերեալ որոշումներուն մէջ:
Հայաստան պէտք է ներկայանայ իրաւատէր, ինքնուրոյն բանակցող եւ հաղորդակցական համակարգերու լիարժէք մասնակից:
TRIPP-ի կարեւորագոյն գործառոյթներէն մէկը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան ապահովումը` Հայաստանի հարաւով:
Այս կարելիութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Անգարայի համար:
Ազրպէյճան կրնայ նուազեցնել Նախիջեւանի հետ հաղորդակցութեան հարցով Իրանի վրայ ունեցած կախուածութիւնը, իսկ Թուրքիա կրնայ նոր փոխադրական կապերու հնարաւորութիւններ ձեռք բերել դէպի Կասպից ծովու աւազան եւ Կեդրոնական Ասիա:
Սակայն այս զարգացումը Հայաստանի համար կրնայ դրական արդիւնք ունենալ միայն փոխադարձութեան եւ տնտեսական հաւասարակշռութեան պայմաններուն մէջ:
Եթէ հաղորդակցութիւններու վերաբացումը ծառայէ միայն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պահանջներու բաւարարման, մինչդեռ Հայաստանի հանդէպ գործող սահմանափակումները կը շարունակուին, ծրագիրը կրնայ խորացնել տարածաշրջանային անհաւասարակշռութիւնը:
Հայաստան պէտք է ձգտի այնպիսի պայմաններու, որոնց համաձայն, իր քաղաքացիները, արտադրողները եւ փոխադրական ընկերութիւնները նոյնպէս կ՛օգտուին բացուող ճանապարհներէն:
Հայկական ապրանքներու անարգել փոխադրութիւնը, Թուրքիոյ հետ սահմանային բնականոն հաղորդակցութեան հաստատումը եւ տարածաշրջանային երկաթուղային համակարգերուն լիարժէք մասնակցութիւնը պէտք է դառնան բանակցութիւններու առանցքային պահանջները:
Աւելի լայն առումով, հաղորդակցութիւններու վերաբացումը անհրաժեշտ է կապել փոխադարձ անվտանգութեան, միջպետական սահմանները յարգելու եւ խաղաղութեան ամրապնդման հետ:
Տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը կրնայ նուազեցնել հակամարտութեան վտանգը, սակայն անոր համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը ունենան խաղաղութիւնը պահպանելու յստակ կամք:
Այս բոլոր զարգացումներէն կը բխի հիմնական եզրակացութիւն մը. TRIPP-ը Հայաստանի համար պէտք է դառնայ ազգային զարգացման ծրագիր մը` տարածաշրջանային համագործակցութեան լայն բաղադրիչով, եւ ոչ թէ սահմանափակուի մեծապետութեան մը հովանաւորութեամբ իրականացուող փոխադրական նախաձեռնութեամբ:
Հայաստան իրաւունք ունի` օգտագործելու միջազգային ներդրումները, զարգացնելու իր ենթակառոյցները եւ ընդլայնելու տնտեսական կապերը: Նոյնքան կարեւոր է սակայն, որ այդ նախաձեռնութիւնները չխաթարեն երկրի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը:
Այս նպատակով Երեւան պէտք է առաջնահերթութիւն տայ` ծրագրին ամբողջական տնտեսական գնահատումին, պետական վերահսկողութեան յստակ դրութիւններուն, անվտանգութեան իրաւական երաշխիքներուն եւ հարեւան պետութիւններուն հետ շարունակական խորհրդակցութիւններուն:
Առանձնապէս անհրաժեշտ է Սիւնիքի տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը դարձնել ծրագրին անմիջական բաղադրիչ:
Տարածաշրջանը պէտք է ստանայ` նոր աշխատատեղեր, արդիական ենթակառոյցներ, արտադրական կարելիութիւններ եւ իր բնակչութեան կենսամակարդակը բարձրացնելու իրական պայմաններ:
Այլապէս միջազգային նշանակութիւն ունեցող ճանապարհ մը կրնայ անցնիլ Սիւնիքի տարածքով` առանց համարժէք կերպով նպաստելու տեղական բնակչութեան բարգաւաճման:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը նոյնպէս պէտք է առաջնորդուի հաւասարակշռուած մօտեցումով:
Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու խորացումը կրնայ նպաստել երկրի միջազգային դիրքերուն ամրապնդման: Իրանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան պահպանումը կը շարունակէ մնալ կենսական: Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ որոշումները անհրաժեշտ է պայմանաւորել Հայաստանի իրական շահերով, իսկ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւններու վերաբացումը` փոխադարձ իրաւունքներով եւ ստուգելի պայմանաւորուածութիւններով:
Հայաստան չի կրնար իրեն արտօնել նոր աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան մէջ մէկ ուժի յենարան դառնալ` միւսին դէմ:
Անոր ռազմավարութիւնը պէտք է հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ, որ միջազգային գործընկերութիւնները արժէքաւոր են այնքանով, որքանով կը նպաստեն հայկական պետականութեան ամրապնդման:
Հայաստանի ապագան պէտք է կառուցուի այնպիսի ճանապարհներով, որոնք երկիրը կը կապեն աշխարհին` առանց տկարացնելու իր գերիշխանութիւնը: Խաղաղութեան իսկական արժէքը պիտի չափուի ոչ միայն բացուող սահմաններով, այլեւ` այդ սահմաններուն ներսը ապրող ժողովուրդին ապահովութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքով:



