Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 21, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն պատկերասփռուած ուղերձ մը պիտի յղէ:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Կացութիւնը հակուած է հանդարտութեան շարունակման, հակառակ իսրայէլեան աղմուկին եւ Նեթանիահուի աշխատանքին Ամերիկան Իրանի դէմ նոր պատերազմի մէջ ներքաշելու` այն պնդումով, որ ան քանդիչ քիմիական զէնքեր ունի, բան մը, որուն Թրամփի վարչակազմը շատ կարեւորութիւն չընծայեց»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Նեթանիահուն կրնայ մինչեւ Իսրայէլի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը երկարող ժամանակի ընթացքին որեւէ պատրուակ օգտագործել` Լիբանանի դէմ չափազանց ծանր զինուորական գործողութիւն գործադրելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան հասան նոր զգուշացումներ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ գործողութեան կամ սխալի վերաբերեալ, որ կրնայ Նեթանիահուին պատրուակ տալ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ զինուորական մագլցում մը արդարացնելու համար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ուալց առաջնահերթութիւն ընծայեց ստուգման միջազգային մեքանիզմի ստեղծման, այսինքն` Ուաշինկթըն կ՛ուզէ մեքանիզմ մը, որ շրջագծային համաձայնութեան, փորձնական շրջաններու եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի յանձնառութիւններուն գործադրութեան հսկող գործառոյթներ ունի` զայն համաձայնեցնելով Ֆրանսային ու Ապահովութեան խորհուրդին հետ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ֆրանսան աշխատանք կը տանի ՄԱԿ-ի որոշումի հիմամբ հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական ուժեր ներառող բազմազգեան եւրոպական առաքելութեան մը իր նախաձեռնութեան վրայ` Ուաշինկթընին ներկայացնելով այս ուժի ձեւաւորման բանաձեւ մը` զայն իսրայէլեան կողմին ներկայացնելով անոր ընդունումը խրախուսելու համար»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Պաշտօնական հեղինակութիւն մը կը հաստատէ, որ շրջագծային համաձայնագիրի գործադրութեան վերաբերեալ Լիբանան-Իսրայէլ հանդիպումները մօտիկ ապագային ճշդուած թուական պիտի չունենան, որովհետեւ իսրայէլացիները, ամերիկացիներուն նման, չեն պատրաստուիր վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան, նախքան որոշելը առաջնահերթութիւնները, որոնցմէ կարեւորագոյնը Իսրայէլի մէջ կառավարութեան ձեւաւորումն ու Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու ճակատագիրն են»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Քաղաքական աղբիւրներ քննադատեցին արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայ չափազանց կարեւոր ժամանակին բացակայութիւնը, մանաւանդ որ ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք ստեղծուելիք բացը կրնայ նուազ վտանգաւոր ըլլալ, քան Ապահովութեան խորհուրդի որոշում մը, որ լիբանանեան շահերուն համահունչ չէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին ու Հարեթ Հրէյքի միջեւ երկխօսութեան ճամբան տակաւին փակ է` տարակարծութիւնը յաղթահարելու նախաձեռնութիւններուն մէջ յառաջընթացի բացակայութեան լոյսին տակ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Հըզպալլան կը պատրաստուի իր զինուորական կազմակերպութեան եւ իր ղեկավարութեան մեքանիզմի վերադասաւորման, որ կուսակցութեան կ՛արտօնէ նուազ կշիռ ունեցող եւ աւելի ճկուն մաշեցման պատերազմի դիմել` առաջնահերթութիւն տալով գործողութիւններու որակին եւ գոյատեւելու կարողութեան, փոխան մարդկային աւանդական ուժերէն մեծ կախեալութեան»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Հըզպալլայէն աղբիւրներ զարմանք յայտնեցին նախագահին կողմէ 2000 թուականէն ետք զէնքի դերի բնութագրման վերաբերեալ` յիշելով Իսրայէլի յարձակումներն ու պատերազմները, որոնց Լիբանանը ականատես եղած է վերջին տարիներուն, եւ ընդգծելով իրենց զէնքը յանձնելու կոչերը կատարելու մերժումը, քանի դեռ բռնագրաւումը կը շարունակուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի մտահոգ է բանակի հրամանատարին ու բանակին դէմ շարունակուող զրպարտութեան արշաւով: Ան այլեւս այդ մէկը պարզապէս ոմանց կողմէ ներքին կեանքին մէջ որոշակի օրակարգ պարտադրելու քաղաքական ճնշում չի նկատեր, այլ` շատ լուրջ խնդիր, որ աւելի վատ բան կը նախանշէ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Քաղաքական շրջանակները կը նշեն, որ Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ անձերու կողմէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դէմ սկսած արշաւները կը սրին, զուգահեռաբար «Կապոյտ շարժում»-ին կից լրատուամիջոցներու հարթակներուն վրայ կը հիւրընկալուին Ազգային ազատ հոսանքի առնչուած նախկին նախարարներ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներու գործունէութիւնը քննադատելու համար»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 52000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.291.000 լ.ո.-ի եւ 2.309.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 48000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.445.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.636.000 լ.ո.:

Նախորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

RelatedPosts

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Շարունակէ  Լիբանանի Ապագան Աւերել»
Լիբանանեան

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Շարունակէ Լիբանանի Ապագան Աւերել»

November 20, 2026
Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսներու  Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ  Քրիստոնեաները Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Քրիստոնեաները Պաշտպանելու

November 20, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.