Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Իբրեւ Քամալ Ժոմպլաթի մտածողութեան հաւատարիմ անձնաւորութիւն, ես պիտի չնահանջեմ իմ դիրքորոշումէս եւ համոզումէս, որ աշխարհիկութիւնը եղած է եւ կը մնայ միակ լուծումը կառուցելու քաղաքացիական պետութիւն մը, որ կախեալ չէ որեւէ քաղաքական, համայնքային կամ յարանուանական առանցքէ, որեւէ արտաքին արեւելումէ, ըլլայ այդ Արեւելք, թէ` Արեւմուտք»:
«Ժամանակն է դուրս գալու համայնքային ժառանգութենէն, որ մեր քաղաքական համակարգին մէջ որեւէ իրական արդիականացում կամ բարեփոխում կ՛արգիլէ», շեշտեց երեսփոխանը:


