Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղած է ուժեղացնելու Իսրայէլի վրայ ճնշումը` Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտը դադրեցնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի կողմէ սահմանուած անմարդկային սահմանափակումներուն պատճառով: Մենք չենք կրնար անտարբեր նայիլ Կազայի մէջ տիրող սիրտ ճմլող տեսարանին, ուր ցուրտէն դողացող երեխաները մինչեւ ծունկերը ջուրի մէջ են, զրկուած են վրաններէն, որոնց տակ կարելի պիտի ըլլար պատսպարուիլ: Մենք` իբրեւ իսլամներ, պէտք է հասնինք Իսրայէլի վրայ ճնշումի ուժեղացման», ըսած է թուրք ղեկավարը խորհրդարանին մէջ` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին ընթացքին:
«Մենք պատրաստ ենք բեռնարկղներ ուղարկել Կազա: Նոյնիսկ եթէ միւսները փակեն իրենց աչքերն ու ականջները, մենք պիտի չլռենք Կազայի մէջ տիրող ճնշումներուն նկատմամբ, պիտի շարունակենք կատարել մեր մարդասիրական պարտականութիւնը», ընդգծած է Էրտողան:


