Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ պահպանողական իրաւաբաններու խումբի մը առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ բուռն կերպով քննադատեց Միջազգային քրէական դատարանը:
Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու քայլերը սահմանափակող միջազգային օրէնքէն ազատ ամերիկեան ուժեղ արտաքին քաղաքականութիւն մը կիրարկելու:
Ուաշինկթընի մէջ Դաշնակցային միութեան առջեւ Ռուպիոյի արտասանած ճառը 3 նոյեմբերին Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ հանրապետականներուն կրած ծանր պարտութենէն ետք առաջին ճառն է:


