Հայ բռնցքամարտիկ Արթուր Բազէեան պարտութիւն կրեց Քուպայի ներկայացուցիչ Սայտել Հորթայէն` Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած միջազգային «Փափփ Քափ 2026» մրցաշարքին:
Մենամարտը տեղի ունեցաւ մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Եւրոպայի եւ Փանամերիկեան հաւաքականներու ճակատումներուն գծով:
Բազէեան, որ կը ներկայացնէր Եւրոպան, մինչեւ Բ. ռաունտ կը տիրապետէր, բայց Հորթա երրորդ ռաունտին ամբողջովին իշխեց եւ շահեցաւ ճակատումը:
Սայտել Հորթա 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիրն է, ինչպէս նաեւ 2026-ի Փանամերիկեան մինչեւ 60 քկ կշիռի ախոյեանը:


