Հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Էրիք Բազինեան աւելի քան երկու տարուան դադարէ մը ետք յաջողութեամբ վերադարձաւ ռինկ:
Արդարեւ, «Քազինօ տը Մոնրէալ»-ի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյի մրցումներուն, ան նաք-աութով պարտութեան մատնեց Սթիվըն Պաթլըրը:
Միջին կշիռի մրցումներուն (մինչեւ 76-2 քկ), 10-րդ եւ վերջին ռաունտի 22-րդ երկվայրկեանին, Բազինեան, որ մենամարտի մեծամասնութեան կը տիրապետէր իր մրցակիցին վրայ, գետին բերաւ զայն: Վերջինս հազիւ կրցաւ ինքզինք գտնել եւ ոտքի ելլել, բայց իրաւարարը յարմար չնկատեց, որ ան շարունակէ իր ելոյթը:
Արդէն 9-րդ ռաունտին Պաթլըր ինկած էր գետին, բայց իրաւարարը վերջ դրած էր այդ ռաունտին նաք-աութ չնկատելով այդ մէկը, երբ Էրիք Բազինեան արդէն իսկ 89-82 արդիւնքով կէտերու առաւելութիւն ալ ունէր:
Ասիկա սեպտեմբեր 2024-էն ի վեր Բազինեանի առաջին մրցումն էր: Ան իր վերջին մենամարտին կրած էր իր ասպարէզի առաջին պարտութիւնը` մեքսիքացի Խայմէ Մունկիայէն:
Պաթլըրի դէմ այս յաղթանակը եղաւ Բազինեանի 33-րդը այս յաղթանակներէն 24-ը ան արձանագրած է նաք-աութով:


