Ըստ գերմանական հեղինակաւոր «Պիլտ» եւ «Ցայթ» պարբերականներուն, Պայերն Միւնիխի 23 տարեկան միջնապահ Ժամալ Մուսիալա կրնայ շատ կանուխ աւարտել իր արհեստավարժ ասպարէզը: Գերմանացի ֆութպոլիստին մօտ ախտորոշուած է ջիղերու հետ կապուած հիւանդութիւն մը:
Ըստ աղբիւրներուն, Մուսիալա կը տառապի լուսնոտութենէ, որ կրնայ գիտակցութեան կարճատեւ կորուստի դրուագներ պատճառել: Մուսիալա այս տարեշրջանի պատրաստութեան ժամանակ երկու յաջորդական մրցումներու ընթացքին ինկած էր եւ կորսնցուցած իր ուշքը:
Արդէն իսկ քանի մը օր առաջ Պայերն Միւնիխի պատուաւոր նախագահ Ուլի Հէօնես յայտնած էր, որ լրջօրէն մտահոգ է մարզիկին առողջական վիճակով:
Կը նշուի, որ Մուսիալայի հիւանդութիւնը ամբողջութեամբ բուժելի չէ: Այժմ մարզիկը կը հետեւի ակումբի բժիշկներուն ցուցմունքներուն` դեղերով լուծում գտնելու իր վիճակին, բայց ակումբի ղեկավարութիւնը մտավախութիւն ունի, որ անոր բուժումը կրնայ կայուն արդիւնք չապահովել:
Թէեւ Միւնիխի ակումբը կը փորձէ կարելի ամէն ինչ` ֆութպոլիստին աջակցելու համար, բայց շատեր կը կարծեն, որ եթէ բուժումները արդիւնքի չհասնին, տաղանդաւոր ֆութպոլիստը կրնայ ստիպուիլ լքել իր արհեստավարժ ասպարէզը:


