Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Փոխնախագահը Հաստատեց` Շրջանի Ապապովութիւնն Ու Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ապահովուին Շրջանի Երկիրներու Միջոցով

November 12, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Իրան միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան գտնուող Իրանի փոխնախագահ Համիտ Փուրմոհամմետի նիստէն ետք յայտարարեց, որ Իրան կարելիութեան պարագային կրնայ կազ արտածել Հայաստան: «Կարծեմ տեղեակ էք, որ Իրան աշխարհի մեծագոյն կազի պաշարները ունեցող երկիրներէն է, եւ եթէ ունենայ կարելիութիւն կազի արտահանման առումով, ի՞նչ աւելի լաւ բարեկամ, քան Հայաստանը, որուն արտածենք», ըսաւ ան` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումին:

Ան նաեւ շեշտեց, որ շրջանի անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պէտք է ապահովուին եւ պահպանուին շրջանի երկիրներուն միջոցով: «Թրամփի ուղի»-ին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման մասին հարցումին պատասխանելով, ան վերահաստատեց այն դիրքորոշումը, որ ունի Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին վերաբերեալ, որ նաեւ արձանագրուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ` Իրանի նախագահին եւ Փաշինեանի միջեւ:  «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մնայուն կերպով շեշտած է երկու կարեւոր կէտ. ասոնցմէ առաջինը այն է, որ շրջանի անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պէտք է ապահովուին եւ պահպանուին շրջանի երկիրներուն միջոցով: Իսկ երկրորդը, որ Իրան ընդառաջ պիտի երթայ որեւէ քայլի, որ պիտի աջակցի շրջանի երկիրներու խաղաղութիւնը ապահովելուն: Եւ, բնականաբար, դէմ պիտի ըլլայ որեւէ այլ քայլի, որ պիտի խոչընդոտէ անվտանգութեան», ըսաւ ան:

Փուրմոհամմետի ըսաւ, որ հայ-իրանեան համագործակցութեան ծիրին մէջ ստեղծուած յանձնախումբերէն մէկը կը զբաղի ուժանիւթի ոլորտով: Աւելցուց, որ այդ ժողովին քննարկուած են ուժանիւթային ոլորտի համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները` կազ, վառելանիւթ, նոյնիսկ Հայաստանին երկարաժամկէտ ուժանիւթ ապահովելու հարցեր:

Նշենք, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Փուրմոհամմետի 9 նոյեմբերին ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման գործընթացներուն, եւ անոնց իբրեւ արդիւնք ստեղծուող կարելիութիւններուն շուրջ միտքեր փոխանակուեցան: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան լրատուականէն:

Փաշինեան, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ողջունեց Իրանի փոխնախագահին այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնախումբի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: «Երկու երկիրները յաջողութեամբ կ՛իրականացնեն համատեղ ծրագիրներ տարբեր ուղղութիւններով, որոնք կը նպաստեն երկկողմանի կապերու զարգացման ու ընդլայնման», նշեց ան:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Իրան սահմանային ենթակառուցուածքներու զարգացման, ճանապարհաշինական միացեալ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Փուրմոհամմետի Փաշինեանին փոխանցեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծեց Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:

Իրանի փոխնախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ: Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային կապակցուածութեան շարք մը հարցերու շուրջ եւ արձանագրեցին, որ կայունութեան ամրապնդումը, տնտեսական կապերու զարգացումն ու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծեն շրջանի երկիրներուն համար:

Գրիգորեան, ըստ հաղորդագրութեան, կարեւոր նկատեց «Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ քաղաքական վստահութիւնը, փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած տնտեսական օրակարգը եւ համագործակցութեան ընդլայնման ընդհանուր շահագրգռուածութիւնը, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր` ռազմավարական մակարդակի բարձրացնելու համար»:

Հանդիպումին երկուստեք ընդգծուեցան Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման մեծ ներուժն ու վերջին տարիներուն արձանագրուած առեւտրաշրջանառութեան աճը:

 

 

Նախորդը

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.