Պարսելոնայի 19 տարեկան յետսապահ Փաու Քուպարսի ընտրուեցաւ Եւրոպայի տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ` արժանանալով հեղինակաւոր «Կոլտըն Պոյ» մրցանակին:
Այս մասին յայտնեց մրցանակաբաշխութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Այս տարեշրջանին Քուպարսի քաթալաններու ակումբին հետ 9 ելոյթներու մասնակցած է եւ 2 էսիսթ կատարած: Յետսապահ Քուպարսի մասնակցած է նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4 մրցումներու: Բացի այս բոլորէն, ան Սպանիոյ հաւաքականին հետ դարձած էր 2026-ի աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ անցեալ տարի այս մրցանակին արժանացած էր ֆրանսացի յառաջապահ Տեզիրէ Տուէ (Փարիզ Սեն Ժերմեն), իսկ 2 տարի առաջ Պարսելոնայէն այլ ծայրի յառաջապահ մը` Լամին Եամալ արժանացած էր նոյն մրցանակին:


