Հայաստանի ներկայացուցիչ Օննիկ Մարտիրոսեան դարձաւ 2026-ի խառն մենամարտերու աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ:
Հայ մարտիկը մինչեւ 61,2 քկ կշիռի մրցումներուն երեք յաղթանակներ արձանագրած էր մինչեւ կիսաւարտական: Ան յաջորդաբար յաղթած էր Ուքրանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Տաճիկիստանի ներկայացուցիչներուն:
Կիսաւարտականին Օննիկ Մարտիրոսեան մրցած էր Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ալի Խիզրիեւի դէմ, եւ մրցումի աւարտին ռուս մրցակիցը իրաւարարներու որոշումով յաղթական հռչակուած էր:
Այս մետալը եղաւ Հայաստանի միակը, մինչ 4 այլ ներկայացուցիչներ աւելի կանուխ պարտութիւններ կրելով դուրս մնացած էին: 56,7 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արթուր Ասոյեան, 74,8 քկ կշիռի Մկրտիչ Վարդանեան եւ Վահան Մաթեւոսեան, ինչպէս նաեւ 70,3 կշիռի Արայիկ Սահակեան պարտութիւններ կրած էին եւ մետալներու մրցումներու չէին հասած:


