Համաշխարհային ֆութպոլի եւ Փորթուգալի ազգային խումբի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պաշտօնապէս յայտարարեց միջազգային ասպարէզը լքելու մասին: 41 տարեկան յառաջապահը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած յուզիչ տեսանիւթով յայտնած է 23 տարի տեւած փառահեղ ճանապարհի աւարտը` նշելով, որ հասած է թիւ 7 շապիկը յաջորդ սերունդին յանձնելու օրը:
Ռոնալտօ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ընտանիքին, համակիրներուն, նախկին եւ ներկայ խմբակիցներուն, մարզիչներուն եւ հաւաքականի ամբողջ կազմին:
«Փորթուգալի ժողովո՛ւրդ, եկած է ազգային խումբի թիւ 7 մարզաշապիկը վերադարձնելու օրը: Ես երբեք չեմ նկատած, որ այդ թիւը բացառապէս ինծի կը պատկանի, բայց 23 տարի շարունակ զայն կրելու պատիւը եւ պատասխանատուութիւնը ունեցած եմ: Այսօր այդ թիւով շապիկը յաջորդ սերունդին փոխանցելու օրն է: Այս որոշումը դիւրին չէր, որովհետեւ կան որոշումներ, զորս պէտք է ընդունիլ ոչ միայն մտքով, այլեւ սրտով ալ»:
«2003-ի օգոստոսին սկսած եւ իմ կեանքը ընդմիշտ փոխած ճանապարհը աւարտած է: Եթէ կրցայ ձեզ ուրախ պահել, եթէ իմ կոլերուս ընթացքին որեւէ մէկը գրկած է քեզ, մոռցած էք ձեր հոգերը կամ հպարտացած էք մեր երկրով, ուրեմն ամէն ինչ արժած է: Փորթուգալը միշտ կը մնայ մէջս», գրած է Ռոնալտօ:
2003-ին, Փորթուգալի ազգային խումբին միացած Ռոնալտօ կը հեռանայ իբրեւ տղոց միջազգային ֆութպոլի բացարձակ մրցանիշներու տէր: Ան ազգային խումբին շապիկով 234 ելոյթ ունեցած է` նշանակելով 146 կոլ եւ սահմանելով պատմական մրցանիշներ: Ան 2016-ին կրցած է Եւրոպայի ախոյեանութիւնը շահիլ (Եուրօ 2016), որուն յաջորդած են Ազգերու լիկայի երկու տիտղոսներ` 2019-ին եւ 2025-ին:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Ռոնալտօ չի փափաքիր հրաժեշտի հանդիպում ունենալ ազգային խումբին հետ:
Ռոնալտոյի այս որոշումին վրայ ազդած է նաեւ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ժորժի Ժեզուշի հետ ունեցած անհամաձայնութիւնը: Ռոնալտօ չէր ցանկար վերադառնալ ազգային խումբ` աշխատելու այժմու մարզիչին հետ:
Ռոնալտօ կ՛ենթադրէր, որ հաւաքականը լքելու համար սահմանուած պատիժը կը յետաձգէ իր վերադարձի հարցը մինչեւ յաջորդ մարտ: Սակայն պատիժը, հաշուի առնելով նախնական կասեցման օրերը, վերջ գտած էր 30 հոկտեմբերին: Հետեւաբար, Ժեզուշ կրնար անոր անունը ընդգրկել նոյեմբերի հաւաքի մարզիկներուն հետ:
Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կարգին կը ցանկայ կազմակերպել Ռոնալտոյին արժանի հրաժեշտի մրցում մը: Սակայն անոր ձեւաչափը եւ ժամկէտը տակաւին յայտնի չեն:


