Փարիզի թենիսի տղոց մրցաշարքը անակնկալներով հարուստ էր, ուր պատմական թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ իր առաջին մրցումին յաղթելէ ետք Վալենթեն Վաշերոյին, պարտութիւն կրեց աւստրալիացի Ռինքի Հիճիքաթայէն` 6-2, 3-6 եւ 3-6 արդիւնքով:
Այս պարտութենէն ետք Ճոքովիչ գրեթէ յոյս չունի հասնելու տղոց ընդհանուր դասաւորման 8-րդ դիրք, որ իրաւունք պիտի տար իրեն մասնակցելու տղոց «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին աշխարհի լաւագոյն 8 թենիսմենները:
Իր կարգին, թիւ 1 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ դուրս մնացած էր Բ. հանգրուանին, պարտուելէ ետք իտալացի Լորենցօ Միւզեթթիէն` 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Աւելի՛ն, ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ վերջերս բաւական լաւ ելոյթ կ՛ունենար, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտուեցաւ փորթուգալցի Նունօ Պորկեղէն:
Աշխարհի թիւ 5 դիրքին հասած Տանել Մետվետեւ իր կարգին 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրած էր փերուցի Իկնասիօ Պուսէէն:
Այժմ մրցաշարքի ամէնէն բարձր դասուած թենիսմենն է թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս:
Աղջկանց Հոնկ Քոնկի թենիսի մրցաշարքին, հայազգի թենիսվումըն Ալինա Չարայեւա, որ թիւ 82 դիրքը կը գրաւէ, վերջին յաջող ելոյթներէն ետք 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց թիւ 81 դասուած խրուաթ Անթոնիա Ռուզիչէն եւ դուրս մնաց:


