Ամիսներ առաջ խօսակցութիւններ շրջան ըրին, թէ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար իր ասպարէզը փակէ իր առաջին ակումբին` Նիուելզ Օլտ Պոյզի հետ:
39 տարեկան Մեսսի, որ մինչեւ 13 տարեկան (իր պատանեկան օրերուն) կը խաղար Ռոսարիոյի ակումբին հետ, ըստ երեւոյթին իրապէս կրնայ վերադառնալ իր ծննդավայրի ակումբը յունուար 2027-ին:
Հակառակ անոր որ Մեսսիի պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի հետ կ՛աւարտի 2028-ի դեկտեմբերին, ան ունի աւելի կանուխ լքելու իրաւունք, ըստ իր պայմանագրութեան:
2000 թուականին ան ստիպուած էր լքել Ռոսարիօ քաղաքի Նիուելզ Օլտ Պոյզ ակումբը, որովհետեւ ան այլեւս առիթ չունէր վճարելու աճելու որոշ դարմանումի գումարը: Օրին, Մեսսիի հայրը կրցած էր կապ հաստատել Պարսելոնայի մարզիչ Քարլոս Ռեքսաչի հետ, որ անմիջապէս հմայուած Մեսսիի տաղանդով ընդունած էր զինք:
Այժմ Մեսսի տարիներ ետք արդէն իսկ շահած է ամէն կարելի տիտղոս եւ հասած իր ասպարէզի վերջին մասին:
Ան նոյնիսկ քանի մը օր առաջ հասաւ իր ասպարէզի 937-րդ կոլին` միայն փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետ մնալով (985 կոլ):


