Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ռայլա Օտինկա» միջազգային մարզադաշտի բացման մրցումը, 5 յունուար 2027-ին:
Մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Նետերլանտներու պատմական ակումբներէն Այաքս Ամսթերտամը եւ Գերմանիոյ «հսկայ» Պայերն Միւնիխը:
60 հազար համակիրներ ընդգրկող մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ Ափրիկէի երկիրներու բաժակի մրցաշարքը:
Պայերն Միւնիխ պիտի ստանայ մօտ 5 միլիոն եւրօ` մասնակցելու համար այս մրցումին, ըստ գերմանական մամլոյ աղբիւրներուն: Այս մրցումը բաւական ծանուցումներ ձեռք պիտի բերէ իրար դէմ հանելով Եւրոպայի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած ակումբներէն երկուքը:
Մարզադաշտը, ինչպէս նշեցինք, պիտի հիւրընկալէ 2027-ի Ափրիկէի Ազգերու բաժակի մրցաշարքը (Աֆքոն), զոր պիտի հիւրընկալեն Քենիա, Ուկանտա եւ Թանզանիա:
Պայերն Միւնիխի եւ Այաքս Ամսթերտամի այցելութիւնը պիտի զօրացնէ երկու ակումբներուն փոխյարաբերութիւնները Ափրիկէի մէջ իրենց համակիրներուն հետ` աւելի ընդլայնելով անոնց միջազգային կապերը:
Քենիա, իր կարգին, աշխարհին ցոյց պիտի տայ իր նոր մարզադաշտը, որ ապագային կրնայ հիւրընկալել միջազգային մրցումներ:
Երկրի նախագահ Ուիլիամ Ռութօ յայտարարեց, թէ այս մարզադաշտի կառուցումը պիտի զարգացնէ երկրին մարզական ապագան` զայն աւելի եւս պատրաստ դարձնելով միջազգային գետնի վրայ եւ անշուշտ հրաւիրելով տարբեր երկիրներէ համակիրներ, որոնք զբօսաշրջութիւնը կրնան զարթնեցնել երկրին մէջ:
Ռութօ յայտնեց, որ մարզադաշտը շատ յառաջդիմած բարձր մակարդակի խոտածածկ մակերես ունի, որ կը կազմուի 97 տոկոս բնական խոտէ եւ 3 տոկոս արուեստական խոտէ, ինչ որ աւելի կ՛երկարէ խոտին կեանքը, 52 օդէն կախուած պաստառներով, ՎԱՐ-ի յատուկ դրութեամբ, բերդի գիծին հսկելու յատուկ դրութեամբ, ինչպէս նաեւ մարզադաշտը կառուցուած է հիւրընկալելու ռակպիի մրցումներն ալ:
Կառավարութիւնը կը յուսայ, որ մարզական այս կառոյցը պիտի ներգրաւէ բազմաթիւ միջազգային մրցումներ, որոնք կրնան զբօսաշրջութիւնը զօրացնել, բան մը, որ անշուշտ երկրի տնտեսութեան աճին ալ կ՛օգնէ:
Պայերն Միւնիխ եւ Այաքս Ամսթերտամ ակումբներու ընտրութիւնն ալ իբրեւ բացման մրցում մասնաւոր նպատակ ունի: Երկու խումբերը միասնաբար «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած են 10 անգամ, ասիկա առիթ է յատուկ եւ բարձր մակարդակի մրցում մը ընծայելու քենիացի ֆութպոլի համակիրներուն, որոնք այսօր իսկ կրնան ապահովել այս մրցումի իրենց տոմսերը:


