Իտալիոյ «Սերի Ա.» 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Բ. դասակարգէն վերստին առաջին դասակարգ բարձրացած Ֆրոզինոնէ ակումբը հաւասարեցաւ 2007-2008 տարեշրջանի Բ. դասակարգէն առաջին դասակարգ բարձրացած Եուվենթուսի լաւագոյն արդիւնքներուն:
Ֆրոզինոնէ 20 կէտ ձեռք ձգած է (Եուվէի նման), բայց կրցած է նշանակել 24 կոլ, մինչ Եուվէ նշանակած էր 21 կոլ:
24 կոլերով Ֆրոզինոնէ բացառիկ մրցանիշ մը ձեռք ձգած է եւ այդ արդիւնքներուն շնորհիւ ան կը գրաւէ «Սերի Ա.»-ի դասաւորման 6-րդ դիրքը` 8 կէտերով ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւող Լացիօ Ռոմայէն:


