Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ նախատեսուած հանդիպում, ինչպէս նաեւ հիւլէական զինաթափման շուրջ բանակցութիւններ ունինք: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Թրամփ Ուաշինկթընի մօտ գտնուող Էնտրիւս ռազմակայանին մէջ Թեքսաս նահանգէն վերադառնալէն ետք լրագրողներուն յայտնած է. «Մենք նախագահ Շի Ճինփինկի հետ նախատեսուած հանդիպում ունինք: Բացի ատկէ, նախատեսուած է նաեւ հանդիպում հիւլէական զինաթափման շուրջ: Որքան ես կը հասկնամ, շատ կարեւոր, թերեւս կարեւորագոյնը: Մենք կը խօսինք տարբեր երկիրներու ապահիւլէականացման մասին»:


