Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրի անդամ երեք պետութիւնները` Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Փաքիստանը Իրանի հետ համաձայնեցան Թեհրանի մէջ գումարուած առաջին ժողովէն ետք բանակցութիւնները շարունակելու: Այս մասին հաղորդեց Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը:
Ժողովին մասնակիցները համաձայնեցան «քննարկումները շարունակելու` ամրապնդելու համար գործակցութիւնը, ներառեալ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ», հաղորդեց պատկերասփիւռի կայանը:
Իրանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ շրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու իրանեան նախաձեռնութեան մը ծիրին մէջ Թեհրանի ապահովական ժողովին կը մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալմանը, Փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիրը եւ թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընը:


