Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական խորհուրդը վերջնական որոշում տուաւ ազգային խումբի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նկատմամբ, որ գլխաւոր մարզիչ Ժորժէ Ժեզուշի հետ ունեցած հարցին պատճառով ինքնակամ լքած էր ազգային խումբին ճամբարը:
41 տարեկան յառաջապահը 30 օրով կախակայուած է, ինչպէս նաեւ տուգանքի ենթարկուած… 255 եւրոյով: Նիւթեր շրջան կ՛ընէին, թէ ան կրնար մինչեւ 6 ամիսով կախակայուիլ, բայց ան խուսափեցաւ առաւելագոյն պատիժէն: Նկատի առնելով, որ միջադէպը տեղի ունեցած էր սեպտեմբերին, սահմանուած կախակայումի ժամկէտը արդէն իսկ կ՛աւարտի: Ասիկա առիթ կու տայ, որ ան մասնակցի նոյեմբերին կատարուելիք հանդիպումներուն: Կը սպասուի, որ ան դաշտ ներկայանայ 14 նոյեմբերին, Դանիոյ եւ աւելի ուշ Կալեսի դէմ, Ազգերու լիկայի գծով յառաջիկայ մրցումներուն:
Նշենք, որ Նասրի աստղը 30 սեպտեմբերին հեռացած էր Քոփենհակընի մէջ գտնուող մարզական ճամբարէն` Դանիոյ դէմ մրցումէն առաջ: Լարուածութիւնը ծագած էր Նորվեկիոյ դէմ նախորդ մրցումի պահուն, երբ Ժեզուշ Ռոնալտոյին ուղարկած էր «տաքնալու», սակայն զայն դաշտ չէր ներկայացուցած: Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ մարզիչը յայտարարած էր, թէ խաղցողը պարզապէս յարմար չէր Նորվեկիոյ դէմ դաշտ ներկայանալու եւ ան պիտի չմասնակցէր Դանիոյ դէմ մրցումին:
Ռոնալտօ իր կարգին յայտնած է, որ մարզիչը երկու անգամ դրժած է իր տուած խոստումը: Նաեւ չէր ընդգրկած խաղին, ապա հրապարակաւ չէր պատմած միջադէպին մասին, թէեւ պարտաւորուած էր այդ մէկը ընել: Միեւնոյն ժամանակ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ներողութիւն խնդրած էր հաւաքականէն եւ համակիրներէն` հաստատելով, որ չի պատրաստուիր աւարտել իր միջազգային ասպարէզը:
Աւելցնենք, որ 5 անգամ «Պալոն տ՛օր»-ի մրցանակակիր, Եւրոպայի ախոյեան եւ Ազգերու լիկայի երկու անգամ ախոյեան Ռոնալտօ Փորթուգալի հաւաքականին հետ 234 ելոյթ կատարած է` նշանակելով 146 կոլ եւ կատարելով 45 էսիսթ:


